Բակօ Սահակեանը Հանդիպում Ունեցած է Նատիա Գործունեանի եւ Նիկոլայ Դաւիթեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 19-ին, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Նատիա Գործունեանի եւ կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Նիկոլայ Դաւիթեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան գնահատած է ՀԲԸՄ-ի աշխոյժ մասնակցութիւնը հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական զարգացման, միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ Արցախը ճանաչելի դարձնելու ու մեր երկրի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններ ներկայացնելու գործին:

Scroll Up