Դասախօսութիւն-Քննարկում Կիպրոսի մէջ` տեղեկատուական հարցերու մասին 

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սարհին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-քննարկում` հայկական տեղեկատուական խնդիրներուն մասին: Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան:

Դասախօսութեան ներկայ էին կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութեան անդամները, Նարեկ Ազգային վարժարանի  հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, մամուլի աշխատակիցներ եւ գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի ատենապետ Արթօ Դաւիթեանը, որ ներկայացուց նիւթին կարեւորութիւնը` շեշտելով այս մարզին մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող նորութիւններուն դիմաց հայկական լրատուամիջոցներու որդեգրելիք միջոցներու հրամայականը:

Դասախօսական հանդիպումը վարեց դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանը, որ նախաբան կատարեց պատմութեան ընթացքին մամուլին ունեցած ազդեցութեան` հանրային կարծիքի կայացման գործընթացին վրայ: Ճեպեճեան նաեւ խօսեցաւ «Ազդակ»-ի իրականացուցած բազմաշերտ աշխատանքներու մասին` շեշտելով թերթին հրապարակումներուն առանցքը` առարկայականութիւնն ու համահայկականութիւնը:

Օրուան դասախօս Շահան Գանտահարեան նիւթը բաժնեց հիմնական երեք մասերու`

ա.- Ընդհանուր տեղեկատուական դաշտը` այսօր,
բ.- Հայկական լրատուադաշտի դիմագրաւած խնդիրները եւ
գ.-  Բովանդակային խնդիրներ. կիպրական օրինակը:

Երեք ուղղութիւններուն շուրջ զեկուցելէ ետք Շահան Գանտահարեան եզրափակեց. «Կիպրոսը հայկական գործընթացներու համար այսօր ամէնէն դրական ենթահողն է աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ: Այս պատճառով ալ որքան աշխուժանան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները, որքան համասփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական գործունէութեան կիզակէտին վրայ յայտնուի Կիպրոսը եւ որքան ալ ճիշդ առարկայական լուսաբանումներ կատարէ հայկական լրատուադաշտը  նման յայտարարութիւններու եւ անոնց հետեւելիք քաղաքական քայլերուն, այնքան կը շահի հայկական դաշտը թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ սփիւռք եւ թէ՛ իբրեւ, մեր պարագային, լրատուադաշտ»:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ  քննարկում. ներկաները իրենց տեսակէտներով եւ տեղեկատուական ոլորտի վերաբերող հետաքրքրական առաջարկներով ներդրում բերին ձեռնարկի բովանդակութեան:

hamazkayin.com

Scroll Up