Միացեալ Նահանգներու Հայկական Լոպպին Կը Բացայայտէ Գաղտնիքները

Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպպիի մասին գիտեն բոլորը, սակայն, շատերը տեղեակ չեն, թէ իրականութեան մէջ ինչպէս հայ համայնքը կը յաջողի ազդել Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն վրայ եւ ինչպէս անցեալին կարճ նամակի միջոցով Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը կրցած է քանի մը ժամով դադրեցնել ամբողջ Սպիտակ Տան աշխատանքները: Այս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Դուք այժմ ականատեսն էք իրական ժողովրդավարութեան` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը զանգահարէ ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, կոչ ընելով անոնց ազդելու իրենց քոնկեսականներուն, ծերակուտականներուն, նահանգեպետներուն վրայ, չէ որ իրական ժողովրդավարութեան պայմաններու մէջ ընտրեալ իշխանութիւնները պարտաւոր են հաշուի առնել իրենց ընտրողներու պահանջները:

Հայ դատի յանձնախումբի Capital Gateway ծրագրի տնօրէն Թերեզա Երիմեանի խօսքով, Ամերիկայի հայ համայնքը հզօր է այնքան ժամանակ, որքան որ կարենայ լսելի դարձնել իր հարցերը. «Մենք կրնանք առաջ տանիլ թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան, թէ՛ Արցախի հարցը եւ այլ հարցեր, որովհետեւ մէկ առ մէկ մարդիկ կը վերցնեն իրենց հեռաձայնները, կը զանգեն եւ կ՛ըսեն՝ ասիկա է մեր խնդիրը, սա մեզի համար կարեւոր է եւ կ՛ուզենք, որ մեր ներկայացուցիչները իրենց ձայնը բարձրացնեն»:

Յատկանշական է, որ միայն ժողովրդավար երկիրներու մէջ հայ համայնքը ի վիճակի է ազդեցութիւն ունենալ սեփական կառավարութիւններու վրայ, ոչ միայն պաշտպանելով իրենց իրաւունքները, այլեւ ստիպելով այլ պետութիւններուն հաշուի նստիլ տեղի հայերու պատմական հայրենիքի` Հայաստանի խնդիրներուն հետ: Մինչդեռ ոչ ժողովրդավարական պետութիւններու մէջ նոյնիսկ մեծաթիւ հայ համայնքը անզօր է ազդելու իշխանութեան վրայ:

Թերեզա Երիմեանի խօսքով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը բազմաթիւ խնդիրներով դիմած է ԱՄՆ-ի հայ համայնքին` կոչ ընելով հեռախօսով կամ նամակներու միջոցով կապուելու իրենց տեղական իշխանութիւններուն հետ. «Պէտք է այնքան զանգահարել, այնքան ելեկտրոնային նամակներ ուղարկել, որ բոլոր քոնկրեսական ներկայացուցիչները իրենց առօրեայ գործը դարձնեն մեր համայնքի խնդիրները»:

Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը կը պատմէ, ինչպէս շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներէն մէկը այնքան զայրացուցած էր տեղի հայ համայնքին, որ համայնքը իր օրինական պահանջը բարձրաձայնելով, քանի մը ժամով խափանած էր Սպիտակ տան աշխատանքը.

«10-15 տարի առաջ էր, երբ Հայաստանը Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արձանագրած էին ահաբեկիչներուն աջակցողներու ցանկին մէջ: Այնքան զանգեր, ելեկտրոնային նամակներ եւ ֆաքսեր ուղարկեց տեղի հայ համայնքը , որ Սպիտակ տան հեռախօսային լարերը անջատուեցան եւ Քոնտոլիզա Ռայսը, որ այն ժամանակ ԱԳ նախարար էր, անձամբ պէտք է իր առօրեայ գործերը ձգէր եւ զբաղուէր մեր համայնքի հարցերով»:

Մի քանի ժամուան մէջ այդ օրը Միացեալ նահանգներու հայ համայնքը Սպիտակ տուն ֆաքսով աւելի քան 8,000 բողոքի հաղորդագրութիւն ուղարկեց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն չնպաստող որոշումը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ չեղարկուեցաւ: Եւ սա է իրական ժողովրդավարութեան արտայայտումը, երբ երկրի քաղաքացիները ի վիճակի են իրենց պահանջը հասցնել իրենց ներկայացուցիչներուն:

Scroll Up