Երբեք չմոռնա՛ք՝ Թուրքիոյ մէջ ունիք հայրենակից մը, որ կը մաքառի յանուն արդարութեան. Կարօ Փայլան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/Paylan02-300x225.jpg)
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի նամակը՝ ուղղուած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակոբեանին.
Յարգելի տիկին Հակոբեան,
Այսու գիրով կու գամ յայտնելու իմ խորին շնորհակալութիւնս Ձեզի, որ ազնուութիւնը ունեցաք զիս հրաւիրելու Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին՝ առիթ տալով վերստին այցելելու Հայաստան։
Ինծի համար կարեւոր էր Հայրենիք այցելել պատգամաւոր դառնալէ ետք եւ հանդիպումներ ունենալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Ուրախ եմ ականատեսը դառնալու Ձեր եռանդուն աշխատութեան ու ջանքերուն, զորս ի գործ կը դնէք ողջ հայութեան համար։ Հպարտ եմ, որ ունինք նման ուժեղ հայրենիք մը, ուր կը միանայ բովանդակ հայ աշխարհը։
Կ՚ուզեմ յայտնել, որ իմ գործունէութեանս մշտապէս մաս պիտի կազմէ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումը։ Պէտք է ամէն ջանք գործադրենք այդ ուղղութեամբ։ Վստահ եմ, որ նեցուկ պիտի կանգնինք իրարու զանազան աշխատանքներու մէջ։
Երբեք չմոռնա՛ք՝ Թուրքիոյ մէջ ունիք հայրենակից մը, որ կը մաքառի յանուն արդարութեան։
Լաւագոյն բարեմաղթանքներով՝
ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ
Պոլսոյ պատգամաւոր