«Համախմբելով Մասնագիտական Ներուժը` Կրնանք Դրական Մեծ Փոփոխութիւններու Հասնիլ». Լիբանանահայ Բժիշկ

Լիբանանի էնտոքրինոլոկիական ընդհանուր միութեան եւ Ամերիկեան էնտոքրինոլոկիական միջազգային կազմակերպութեան քարտուղար, բժիշկ Րաֆֆի Փոլատեան, որ հոկտեմբեր 13-14 կը մասնակցէր «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կայացած Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 6-րդ համաժողովին, «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ  մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի` Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ: 1993 թուականին աւարտելով համալսարանը` Հայաստանի հետ կապը չէ խզած, տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան, մասնակցած «Բժիշկներ առանց սահմաններու» միջազգային մարդասիրական հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրին:

Արդէն հինգ տարի է` Պէյրութի «Radio Sevan» ձայսնասփիւռի կայանով ընդհանուր բժշկութեան նուիրուած հաղորդում կը վարէ: Մարդոց օգտակար ըլլալու համար  բժիշկի մասնագիտութիւնն ընտրած է, անոր խորին համոզմամբ` իւրաքանչիւր բժիշկ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է բարեխղճօրէն եւ նուիրումով կատարէ իր առաքելութիւնը: Բժիշկը տեղեկացուց նաեւ, որ Պէյրութի մէջ կը գործէ Լիբանանահայ բժիշկներու միութիւնը, տեղի հայ բժիշկները կրնան իրենց հետաքրքրող հարցերով դիմել, քննարկումներու եւ ժողովներու մասնակցիլ:

Անդրադառնալով կայացած համաժողովին` Րաֆֆի Փոլատեան ըսաւ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած նմանօրինակ համաժողովներու ջատագովն է, բայց պէտք է աւելիին ձգտիլ, չբաւարարուիլ ձեռք բերուածով, այլեւ միշտ առաջ ընթանալ:

«Մասնակցելով համաժողովին` կը ցանկայի հասկնալ, թէ Հայաստանի մէջ սրտաբանութեան զարգացման մակարդակը եւ ոլորտի մասնագէտներու պատրաստուածութիւնն ինչ վիճակի մէջ կը գտնուին: Լիբանանահայ մասնագէտներով պատրաստ ենք օգնելու հայաստանեան մեր գործընկերներուն եւ մասնագիտական խորհուրդներ տալու: Պէտք է փոխայցելութիւններ, դասախօսութիւններ կազմակերպելով` ամրապնդել համագործակցութեան շղթան»,-նշեց լիբանանահայ բժիշկը ` աւելցնելով, որ մասնագիտական բարձր որակներ ունեցող մարդոց  նկատած է, որոնք աչքի ինկած են արդիւնաւէտ քննարկումներով:

«Առաջադրած հարցերը, արտայայտած կարծիքներն ու քննադատութիւնները պէտք է կառուցողական ըլլան եւ խօսքէն գործի վերածուին: Համախմբելով մեր մասնագիտական ներուժը` կրնանք դրական մեծ փոփոխութիւններու հասնիլ` ի շահ Հայաստանի զարգացման»,-զրոյցն ամփոփեց Րաֆֆի Փոլատեան:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up