Կարօ Փայլան․ «Մեր Համայնքէն Խլած էք Ընտրութիւններ Իրականացնելու Իրաւունքը»

Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի եւ հայկական հիմնադրամներուն մէջ ընտրութիւններու հարցը:

Խորհրդարանի պիւտճետային ծրագրաւորման յանձնաժողովին յարկային նոր օրէնքներու եւ հիմնադրամներու վերաբերեալ նոր օրէնսդրական կարգաւորումներու քննարկման ժամանակ Փայլան յայտարարած է, որ  հայ համայնքի հիմնադրամները 5 տարի է` զրկուած են ընտրութիւններ իրականացնելու իրաւունքէն:

«5 տարի առաջ մեզմէ խլած էք ընտրելու մեր իրաւունքը, համայնքի հիմնադրամները չեն կրնար ընտրութիւններ իրականացնել: 8 տարի մեր պատրիարքին չենք կրնար ընտրել»:

Փայլանի խօսքին արձագանքած է Թուրքիոյ ֆինանսներու նախարար Նաճի Աղբալը. «Ո՞վ թոյլ չի տար, ո՞ր նախարարութիւնը: Խօսիմ իրենց հետ»:

Փայլան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական եւ յունական լքեալ եկեղեցիներու հարցին` նշելով, որ Թուրքիոյ արեւելքը մօտ 6 հազար եկեղեցի  եղած է, որոնցմէ 80-90-ը  մնացած է: Ըստ պոլսահայ պատգամաւորին` 6 հազար եկեղեցիներուն մեծ մասը լքուած ու խոնարհուած են` մէկ մասը դեռ հիմքեր ունին, մէկ մասին հիմքերն ալ փլուզուելու վրայ են: Փայլան նաեւ ընդգծած է, որ 6 հազար եկեղեցիէն 4 հազարը գրանցուած է անհատներու անուամբ: Փայլանի խօսքերով, եթէ 10 տարի եւս այդ կառոյցները պահպանելու համար միջամտութիւն չըլլայ, ատոնցմէ բան  չի մնար:

Պոլսահայ պատգամաւորը խօսած է պետական յատուկ քաղաքականութեան անհրաժեշտութեան մասին, որ տէր կը կանգնի Թուրքիա ապրող բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան:

«Ձեզի այսպիսի յայտարարութիւններ ցոյց տամ․ «Կը վաճառուի եկեղեցի»: Հնարաւո՞ր է արդեօք յայտարարարութիւն տալ․ «Կը վաճառուի մզկիթ»: Այս տեսանկիւնէն մեր համատեղ պատմութեան, բոլորի պատմութեան, բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան տէր կանգող պետական քաղաքականութիւն  անհրաժեշտ է. կը  գրէ Ermenihaber.am-ը:

 

Scroll Up