Սերժ Թանկեան Հանդիպած Է Ջիւան Գասպարեանին

«System of a Down» ռոք-խումբի երգիչ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանկեան հանդիպած է յայտնի տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի հետ:

Թանկեան իր Instgaram-ին մէջ հանդիպումէն լուսանկար մը հրապարակած է եւ կատարած հետեւեալ գրառումը.

«Որպէս երաժիշտ` ինծի համար միշտ մեծագոյն պատիւ  եղած է հանդիպիլ եւ ստեղծագործական «օրհնութիւն» ստանալ տուտուկի վարպետէն»:

 

Scroll Up