Ֆրանքֆորթի Գիրքի Տօնավաճառին Ատրպէյճանցիները Հայաստանի Տաղաւարէն Փորձած Են Գողութիւն Ընել

Ֆրանքֆորթի գիրքի տօնավաճառի ընթացքին ատրպէյճանցիները Հայաստանի տաղաւարէն փորձած են գողութիւն ընել:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը` ֆէյսպուքեան իր էջին  վրայ կատարած գրութեամբ: Հոկտեմբեր 12-ին տօնավաճառին մէջ Հայաստանի տաղաւար մտած են երկու ատրպէյճանցի, վերցուցած են գրադարակին վրայ ծալուած վիճակի մէջ դրուած Հայաստանի եւ Արցախի քանի մը քարտէս եւ Արցախի թեմայով քաղաքական վանկարկումներով տարած են իրենց հետ:

«Մենք կարգի հրաւիրելու պահանջով հետեւեցանք այս երկուքին մինչեւ Ատրպէյճանի տաղաւար, եւ ես իրենց տաղաւարին մէջ արդէն ուժով ետ վերցուցի քարտէսները ու վերադարձայ: Անմիջապէս տաղաւար կանչեցի ցուցահանդէսի անվտանգութեան աշխատակիցները եւ ոստիկանութիւնը, նաեւ ցուցահանդէսի փոխտնօրէն Թոպիաս Վոսը եւ այլ պատասխանատուներ: Ոստիկանութիւնը այս ամէնը արձանագրեց եւ խոստացաւ միջոցներ ձեռնարկել»,-գրած է Տէր Վարդանեան նշելով, որ այդ  ամէնը լրատուամիջոցներու կողմէ տեսագրուած է եւ յառաջիկային պիտի հրապարակուի:

Այսօր արդէն իրենց լրատուամիջոցներու մէջ ատրպէյճանցիները գրած են, թէ իբր իրենք մտած են ինչ-որ «անջատողականներու» տաղաւար եւ պատռած քարտէսներ: «Ծանօթ ձեռագիր է: Փաստօրէն այս ամէնը կը կատարուի իրենց մամուլին համար: Եւ սա կը կատարուի երկրի մը կողմէ, որու տաղաւարին մէջ քաղաքականութիւնն ու քարոզչութիւնը կը գերակշռէ գրականութեան ու մշակոյթին»,-կը նշէ ՀՀ մշակոյթի փոխնախարարը:

Scroll Up