Թէքէեան Կեդրոնը Նշեց Իր 20-Ամեայ Յոբելեանը. լուսանկարներ
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը շքեղ հանդիսութեամբ նշեց Թէքէեան Կեդրոնի բացման 20-րդ տարեդարձը: Կեդրոնը հիմնադրուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութեան արդիւնքով եւ կը հանդիսանայ աշխարհասփիւռ հայերու միաւորման խորհրդանիշներէն մէկը: Սկսած 2001թ-էն կը գործէ որպէս «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ (ԹԿՀ) եւ, ինչպէս իր հիմնադիր Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինը (Tekeyan Trust London), ունի հայապահպան նշանակութիւն:
Կրթական, մշակութային, ընկերային եւ բազմազան այլ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով ԹԿՀ կը նպաստէ ազգային ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման ու տարածման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման: 2010թ. սկսած հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու եւ աշակերտներու հիմնախնդիրները: Հիմնադրամը նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ մշակոյթի ոլորտին մէջ, մասնաւորապէս բազմաժանր ցուցահանդէսներ կազմակերպելով եւ հայ ժամանակակից արուեստագէտներուն լայն հանրութեան ներկայացնելով: ԹԿՀ աշխուժօրէն կը համագործակցի հայաստանեան, միջազգային պետական եւ հասարակական, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հիմնադրամէն, Թէքէեան կեդրոնին մէջ յոբելենական ձեռնարկին ներկայ էին պետական կառոյցներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ Հայաստանի մարզերէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեան: Շնորհաւորելով ներկաները գեղեցիկ տօնի կապակցութեամբ, ան երախտիքի խօսք յայտնեց Թէքէեան Կեդրոնի բոլոր բարերարներուն, համակիրներուն եւ գործընկերներուն Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնց շնորհիւ ստեղծուած եւ կայացած է հիմնադրամը: Նախագահը ներկայացուց Կեդրոնի ստեղծման գաղափարը, պատմութիւնը, անցած ուղին, իրականացուող ծրագիրները. կարճ ժամանակուան մէջ ԹԿՀ ձեռք բերաւ ուրոյն դիմագիծ եւ հսկայական թռիչք արձանագրեց: Այս ամէնն ամփոփ ներկայացուեցաւ նաեւ պաստառին` սահիկներու միջոցով:
Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, խօսելով ԹԿ ապագայ ընելիքներուն մասին, մասնաւորապէս խիստ մտահոգութիւն յայտնեց Սփիւռքի հայ կրթօճախներու պահպանման վերաբերեալ եւ աւելցուց, որ հիմնադրամը պատրաստ է սերտ համագործակցելու ՀՀ ԿԳՆ հետ եւ մշակելու լուրջ ռազմավարութիւն դպրոցներու փակման գործընթացքը կանխելու համար:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Քնարիկ Պետրոսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ԹԿ հիմնադրամի եւ Լոնտոնի Թէքէեան Թրաստի բազմամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան` ի նպաստ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածման, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին: Ան նաեւ կարեւոր համարեց ԹԿ հիմնադրամի հայանպաստ ծրագիրները, որոնք մատաղ սերունդին մէջ առողջ հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային խորաթափանց դաստիարակութիւն կը սերմանեն: Բարձր գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ազգանպաստ համագործակցութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ յանձնեց շնորհակալագիր` «Թէքէեան Կեդրոնի 20-ամեակի առթիւ եւ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար»:
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի կողմէ նոյնպէս արժանացաւ շնորհակալագիրի` «Սերտ համագործակցութեան եւ մշակութային ծրագիրներու իրականացման, Արցախի մէջ հոգեւոր-մշակութային առողջ միջավայրի պահպանման եւ ապագայ սերունդներու գեղագիտական ճաշակի զարգացման համար»:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Կարէն Մնացականեան արժեւորեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի մասնակցութիւնը կրթական գործընթացներուն, արձանագրելով նաեւ հիմնադրամի աշխոյժ մասնակցութիւնն ու մեծ ներդրումը դպրոցաշինութեան ոլորտին մէջ: Անդրադառնալով սփիւռքի հայ դպրոցներու հարցին, ան ըսաւ. «ՀՀ ԿԳՆ այսօրուայ մտահոգութիւններէն մէկը դպրոցներու պահպանումն է: Եւ եթէ բոլորս հետեւականօրէն ընդգրկուինք այս գործընթացքին, ապա հայու պահպանման խնդիրը սփիւռքի մէջ կարելի է համարել ինչ-որ չափով լուծուած»:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան փոխանցեց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ քաղաքապետը մասնաւորապէս կ’արժեւորէր ԹԿՀ անցած ճանապարհը հայեցի տեսակի պահպանման եւ հանրահռչակման բարդ գործընթացին մէջ: «Վստահ եմ` կազմակերպութեան մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բազմաբովանդակ ծրագիրներն իրենց բնոյթով ունին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն, քանի որ կը ձեւաւորեն տեսակ մը, որ ապագայի յաղթանակներու ու ձեռքբերումներու կերտողն է»:
Այնուհետեւ, ընթերցուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձը:
Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան բրիտանահայ համայնքի անունէն շնորհաւորեց Թէքէեան Կեդրոնը յոբելենական տօնին առթիւ, յատկանշելով, որ կազմակերպութիւնն այն առաջատարներէն է, որոնք գործնական հողի վրայ սկսան ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք կապերը: Խօսելով Լոնտոնի Թէքէեան Թրաստի մասին, սրբազանը առանձնայատուկ անդրադարձաւ անոր պատուաւոր քարտուղար եւ ԹԿՀ նախագահ Վարդան Ուզունեանին, որուն կը համարէ Լոնտոնի մէջ «Դեսպան», որ իր նուիրական ու անխոնջ աշխատանքով կը հզօրացնէ Թէքէեան կառոյցները թէ Հայաստանի եւ թէ Անգլիոյ մէջ: «Շատ ցանկալի պիտի ըլլար, եթէ Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւններն այսպէս կապուած ըլլային Մայր Հայրենիքին հետ»: