ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Հոկտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան, ԱՊՀ հայ համայնքներու, Մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու եւ Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւններու աշխատակիցները:

Քննարկուեցան նոյեմբեր 1-էն դեկտեմբեր 1 կայանալիք «Հայաստանի օրերը Ռուսաստանի մէջ» ծրագիրի իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Պատասխանատուները ներկայացուցին այն 107 ձեռնարկները, որոնք ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի իրականացուին Ռուսաստանի Դաշնութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախարարը յանձնարարեց առաւել համակարգուած եւ հետեւողականօրէն կազմակերպել աշխատանքները` համագործակցելով համայնքներուն եւ պետական կառուցներուն հետ:

Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ:

Scroll Up