Դեսպանը Կարեւոր Համարած Է Գանատահայ Համայնքին Դերը Հայաստանի Զարգացման Գործին Մէջ
Հոկտեմբեր 10-ին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 26-ամեակին եւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին հոգեւոր հայրեր, Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 15 երկիրներու դեսպաններ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, մեծ թիւով գանատահայեր, լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան անդրադարձ կատարեց անկախութեան 26 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքբերումներուն եւ այդ ճանապարհին յաղթահարուած խոչընդոտներուն: Դեսպանն առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատեց անցած 26 տարիներուն ընթացքին Սփիւռքի եւ յատկապէս գանատահայ համայնքին դերը Հայաստանի զարգացման գործին մէջ:
Ընդգծելով, որ տարին իւրայատուկ է նաեւ անով, որ կը նշուի Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, դեսպանը խօսեցաւ այդ առթիւ Հայաստանի եւ Գանատայի մէջ կայացած եւ կայանալիք բազմաթիւ ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին: «Այսօր հայ-գանատական յարաբերութիւնները դինամիկ զարգանում են քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ բնագաւառներում: Մենք ակտիւ փոխգործակցութիւն ենք ծաւալել մի շարք միջազգային կազմակերպութիւնների, մասնաւորապէս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան շրջանակներում», – իր խօսքին մէջ նշեց ՀՀ դեսպանը:
Երեկոյի ընթացքին դաշնակահարուհի Մարլէն Պաքմազեանի կատարմամբ հնչեցին հռչակաւոր հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Ձեռնարկէն ետք դեսպան Մարտիրոսեան Գանատայի մէջ կայանալիք ՀՀ Անկախութեան 26-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հայ-գանատական յարաբերութիւններու յառաջիկայ զարգացումներու վերաբերեալ հարցազրոյց տուաւ Օթթաուայի հայկական հեռուստածրագրին: