Սփիւռքի Հայագիր Եւ Օտարագիր Գրողներու Համաժողովի Մասնակիցներն Այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Հոկտեմբեր 10-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնին մէջ ընդունեց Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովի մասնակիցները` գլխաւորութեամբ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն:

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը Նորին Սրբութեան ներկայացուց համաժողովի մասնակիցները եւ համաժողովին քննարկուող նիւթերու շրջագիծը: Պրն. Միլիտոնեան անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի եւ միութեան միջեւ առկայ համագործակցութեան, որուն  ծիրէն ներս օրեր անց` համաժողովի աւարտին, Օշականի դպրատան մէջ կ’իրականացուի ամէնամեայ «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութիւնը:

Այնուհետեւ ներկայ սփիւռքահայ գրողներուն իր գնահատանքը յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայարապետը` ուրախութիւն յայտնելով հայրենիքի մէջ պարբերաբար գումարուող հայ գրողներու համաժողովի առիթով: Նորին Սրբութիւնը օգտակար նկատեց նման ձեռնարկները, որոնք առաւել արդիւնաւոր կը դարձնեն հայ գրողի առաքելութիւնն ազգային կեանքին մէջ: Գարեգին Բ Հայրապետը կարեւոր համարեց նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան տարածման խթանումը Հայաստանի մէջ, որպէսզի Հայրենիքի մէջ հասարակութիւնը եւս հաղորդ դառնայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու ստեղծած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան:

Հանդիպման Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մտահոգութիւն արտայայտեց ազգային կեանքին մէջ նկատուող ազգային-բարոյական արժէքներու նահանջի առիթով եւ այդ իրավիճակի շտկման գործին մէջ կարեւոր համարեց հայ գրողներու, մտաւորականներու առաքելութիւնը: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները պէտք է նպաստեն երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրարական ոգիի, ազգային գիտակցութեան ու նկարագրի ձեւաւորման: Այս գործին մէջ Հայոց Հովուապետը շահեկան նկատեց գործակցութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասին հետ:

Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցելով համաժողովի մասնակիցներուն, պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու հայագիր եւ օտարագիր հայ գրողներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի հնարաւորութիւնները ծառայեցնելու ազգօգուտ նման ձեռնարկներու կազմակերպման համար:

Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ հայ գրողները շարունակեն իրենց ստեղծագործական կեանքով իրենց ծառայութիւնը բերել հայ ժողովուրդին:

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ գրողներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի ուսուցման ու պահպանման խնդիրներուն, հոգեւորականներու պատրաստութեան, Հայրենիքի մէջ առկայ դժուարութիւններուն:

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան:

Scroll Up