Անցեալ Շաբաթ Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 1100 Կրակոց.ՊԲ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/606813ac19ada9c4dea8e48975b2a351aaafc67a.jpg)
Ինչպէս կը յայտնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, հոկտեմբեր 1-7 ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին իրադրութիւնը շարունակած է մնալ յարաբերական հանգիստ:
Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է հիմնականին մէջ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1100 կրակոց:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն տիրապետել գործնական-մարտավարական իրադրութեան եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկեն մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: