Անդրանիկ Պաղտասարեանի Նուիրած Գումարէն Կէս Միլիառ Դրամ Կը Ներդրուի Թալիշի Զարգացման Աշխատանքին Մէջ

Քառօրեայ պատերազմէն ամենաշատ տուժած գիւղը՝ Թալիշը, նոր շունչ կը ստանայ:

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ, կը ներդրէ շուրջ 541,331,200 դրամ Թալիշի զարգացման աշխատանքին մէջ:

Գումարը պիտի ուղղուի գիւղապետարանին, բժշկական կեդրոնին եւ ակումբին վերակառուցման, հանդիսութիւններու տան շէնքին վերակառուցման, գիւղապետարանի եւ հանդիսութիւններու սրահի շէնքերու տարածքի բարեկարգման, 18 տուներու վերակառուցման եւ վերանորոգման:

Նման ծրագիրներ իրականացուած են նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ, ուր վերակառուցուած են բազմաթիւ բնակելի տուներ:

Scroll Up