Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական Նիստը
Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ նախագահեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարն ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու խնդիրները մշտապէս գտնուած են Հայաստանի Կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին: «Սիրիահայերի հետ մեր ամէնօրեայ աշխատանքի ընթացքում նկատեցինք, որ վերջիններս բաւարար չափով տեղեկացուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը, լաւ չգիտեն իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները: Ուստի որոշեցինք Սիրիայից եւ այլ հակամարտութեան վայրերից Հայաստան տեղափոխուած անձանց համար կազմել յաճախ տրուող իրաւական հարցերի տեղեկատուական ձեռնարկ: Այն իրականացրինք ԱՄՆ պետդէպարտամենտի բնակչութեան, փախստականների եւ միգրացիայի բիւրոյի կողմից տրամադրուած դրամաշնորհի միջոցով», – նշեց նախարարը:
Այնուհետեւ սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկուցեց ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեկեան: Պարոն Եորդեկեան նշեց, որ սուրիահայ ուսանողներու վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագիրը ՀՀ Կառավարութեան եւ այլ կառոյցներու հետ համագործակցաբար կը շարունակուի նաեւ 2017-2018թթ. ուսումնական տարուան:
«Ամքոր Հայաստան» հիմնադրամի սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներու համակարգող Անահիտ Գասպարեան խօսեցաւ իրենց հիմնադրամին կողմէ սուրիահայերուն տրամադրուող աջակցութեան մասին:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Աննա Ստեփանեան ներկայացուց Երեւանի դպրոցներուն մէջ սուրիահայ երեխաներու ընդելուզման գործընթացքի ներկայ վիճակը: Ան տեղեկացուց, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին սուրիահայ երեխաները ընդգրկելու հարցին:
Քննարկուեցաւ երեւանեան որոշ դպրոցներու մէջ արեւմտահայերէնի դասընթացներ կազմակերպելու հարցը:
Սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստի կազմակերպման մասին զեկուցեց Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան: Անդրադառնալով կազմակերպչական աշխատանքներուն` զեկուցողն ըսաւ, որ ամէն տարի` ամառնային ճամբարներու նախաշեմին Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպուին գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր կը քննարկուին ճամբարներու կազմակերպման հարցով համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակները: «Այս տարի սուրիահայ երեխաները հանգստացան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս իրենց համար կազմակերպուած ամառնային ճամբարին մէջ, ինչպէս նաեւ Սեւանի, Հանքաւանի «Արագած» եւ «Շողիկ», Լոռի մարզի Վահագնաձոր գիւղի «Գուգարք» ճամբարներուն մէջ: Ընդհանուր առմամբ 2017թ. կազմակերպուեցաւ 171 սուրիահայ երեխայի հանգիստը», – նշեց Անտոնեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայաստանի տարբեր ճամբարներու մէջ սուրիահայ երեխաներու հանգիստի կազմակերպումը` նշելով, որ այն կը նպաստէ անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան ամրապնդման, մտաւոր զարգացման եւ բերկրանքի պահեր կը հաղորդէ երեխաներուն:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկեր կառոյցներուն, որոնք այս տարիներուն ընթացքին մշտապէս եղած են սուրիահայ երեխաներու կողքին եւ յորդորեց վերջիններուս գալիք տարուան պիւտճէն կազմելուն` նախատեսուող ծրագիրներուն մէջ ընդգրկել առանձին բաղադրիչ` սուրիահայ երեխաներու ամառնային ճամբարներու կազմակերպման համար: