Լիբանանի Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Երկուշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2017-ին Վարչապետարանին մէջ Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց ՌԱկ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱկի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանի Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող ընդունելութեան ընթացքին, Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան դրուատիքով արտայատուեցաւ` Վարչապետին պետական մարդու արժանիքներուն մասին, յիշելով, որ ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Լիբանանը հեռու պահելու շրջանին սպառնացող խնդիրներէն, միեւնոյն ժամանակ հսկելով անոր ապահովութեան ու տնտեսական զարգացումին:

Ընկ. Նահապետեան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ նահատակ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հայասէր ու մարդասէր արժանիքներուն մասին եւ ուրախութեամբ նշեց, որ անոր ձգած այս աւանդը կը շարուանկուի իր զաւակին կողմէ:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին, լիբանանցի ասպնջական ժողովուրդին ցուցաբերած գրկբաց հիւրնկալութեան համար, երբ ան Հայ ժողովուրդին կողքին եղած էր իր արհաւիրքներուն պահուն: Ընկ. Նահապետեան ՌԱԿի անունով զօրակցութիւն յայտնեց Վարչապետին Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ի խնդիր  իր տարած աշխատանքներուն գծով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին բարի գալուստ եւ Լիբանանի մէջ բարի կեցութիւն մաղթեց ընկեր Նահապետեանին: Ան մեծ դրուատիքով խօսեցաւ Հայ ժողովուրդի հաւատարմութեան եւ Լիբանանի հանդէպ ունեցած անսակարկ սիրոյն մասին:

Հարիրի յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային Լիբանանի դիմագրաւած խնդիրները բարուոք լուծում կ՛ունենան, հրաւիրելով ընկ. Նահապետեանը յաճախ այցելել իր երկրորդ երկիրը՝ Լիբանան:

Scroll Up