Վերամուտ Կլենտէյլի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի 2017-2018 Տերեշրջանի
ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Ասպարէզ- Ողջո՜յն… ողջո՜յն… ողջո՜յն։ Մէկ աշխարհ ու մէկ պատուհան, որուն բաց փեղկերէն արեւի լոյսը կը թափանցէ եւ կը լուսաւորէ դպրոցի յարկին տակ ծուարած մանուկներու բիւրեղեայ հոգիները։
Ամառնային արձակուրդէն ետք, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներու եւ հոգաբարձութեան հովանաւորութիւնը վայելող կիրակնօրեայ վարժարանը՝ եկեղեցւոյն կից Երիտասարդական կեդրոնի յարկին տակ, 2017-2018 կրթական տարեշրջանի վերամուտին առիթով լայն բացաւ իր դռները, ուր մեր թռչնիկները պիտի երգեն երգեր եւ իրենց «մայր թռչունէն» պիտի բանան իրենց ապագայ գիտութեան ճամբան։
Վերամո՛ւտ է։ Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ս. Խաչի տօնին, եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրինութիւնը ողջունեց իր հին ու նոր ծնողները, որոնք իրենց երեխաներուն հետ եկած էին արձանագրութեան։ Վարժարանի պատասխանատու Յակոբ Ջաղացպանեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց զանոնք վերամուտի առիթով եւ կատարեց անհրաժեշտ փոխանցումներ՝ ընթացիկ գործունէութեան վերաբերեալ. կրօնադաստիարակչական, եկեղեցագիտական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, մանուկներու յատուկ հաճելի յայտագիրներ, սաղմոսի ու շարականներու ուսուցում, պատմութիւն, աղօթք, երգ ու խաղեր կ՛ամբողջացնեն տարեկան մեր ծրագիրը։
Աշակերտները ներկայ եղան վերամուտի առաջին սերտողութեան՝ ուղղորդուելով եկեղեցիին հետ հաղորդուելու Ս. խաչի խորհուրդով։
Յակոբ Ջաղացպանեան իբրեւ առաքելութիւն որդեգրած է ծառայել եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն սերմանել սերունդներուն՝ իրեն շուրջ հաւաքելով կամաւոր ուսուցիչներու համեստ, ծառայասէր ու հաւատացեալ խումբ մը, որուն վկան է վերջին տասնամեակներու իրենց ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ այն մեծ յարգանքը, զոր կը վայելեն եկեղեցւոյ հովիւներուն, հոգաբարձութեան, ծնողներուն, աշակերտութեան եւ համայնքին կողմէ։
Տարիներ շարունակ, կիրակնօրեայ դպրոցս կ՛արձանագրուին շուրջ 80 եւ աւելի տարբեր տարիքի երեխաներ։ Ապագայ մարդը դարբնելու աշխատանքին կամաւորապէս լծուած վարժարանի 11 ուսուցիչները կը շարունակեն մեր զաւակներուն հայու ոգի ջամբել։ Երեք տարիէ ի վեր, դպրոցէն ներս կը գործէ դասարան մը, ուր աշակերտները կը սորվին տառաճանաչութիւն եւ ընթերցանութիւն։ Իսկ շարականներու ուսուցումը կը կատարուի Մէրի Ջաղացպանեանի քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ, դաշնակի հնչողութեամբ։
Կրթական տարեշրջանի ընթացքին, աշակերտները զանազան առիթներով՝ Ծննդեան, Զատկուան, ամավերջին, հանդէս կու գան ելոյթներով, իսկ իրենց ծնողները կ՛ըմբոշխնեն գեղեցիկ յայտագիրներով հանդէսներ, կը վայելեն անոնց շրթներէն հնչած շարականներն ու սաղմոսները։ Աշակերտները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ կ՛ունենան նաեւ դաստիարակչական շրջապտոյտներ։
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին եւ դասընթացքները կ՛ընթանան ամէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 1, «Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի երկրորդ յարկը, ուր լոյս, յոյս, հաւատք, սէր եւ գիտութիւն կը ջամբուի ապագայ սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս գիտակցելով ուսուցիչներու վեհ պարտականութեան՝ ապագային ըլլան առաջնորդներ մեր ազգին։
Օրըստօրէ, Կլենտէյլի հայ համայնքը կը համալրուի մեծաթիւ հայ ընտանիքներով։ Մեր ծնողներուն կը մնայ հաւատարիմ մնալ ազգանուէր հոգեբանութեան եւ բաժին մըն ալ հանել հայ եկեղեցւոյ, անոր կիրակնօրեայ դպրոցին, եւ վստահիլ իրենց երեխաները հայ եկեղեցիին՝ անոնց քրիստոնէական դաստիարակութիւն փոխանցելու համար։
Կիրակնօրեայ վարժարանի դերը քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ կը կարեւորուի Աստուածաշունչի սերտողութեամբ։ Հայերէն երգերը, հոգեպարար շարականները եւ սաղմոսները կեանքի մէջ հիմնական տուեալ մըն են յառաջդիմութեան եւ անոր ուղիղ հասկացողութեան։
Շնորհաւո՛ր, սիրելի աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, տարի մը եւս դիմաւորելու վերադարձի պահը ոգեկոչելու սքանչելի այս առիթով։
Բարի եւ ուրախ վերամուտ։