Իր Մահկանացուն Կնքած Է Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան

Ասպարէզ- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30ին, իր մահկանացուն կնքած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն անունով ապահովագրական ընկերութեանց դէմ բացուած դատի փաստաբաններէն՝ Վարդգէս Եղիայեան: Ան 81 տարեկան էր։

Եղիայեան վերջին ամիսներուն կը տառապէր սիրտի անհանգստութենէ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ կը բոլորէր կազդուրման շրջան մը:

Հանգուցեալը իր պաշտօնակիցներ Պրայան Քապաթեքի եւ Մարք Կիրակոսի հետ նախաձեռնած էր Ցեղասպանութեան զոհերու վնասուց հատուցումներու գանձումի գործին՝ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի, «Աքսա»ի եւ ապահովագրական այլ ընկերութիւններու դէմ դատեր բանալով:

Եղիայեան նաեւ հեղինակ էր շարք մը հատորներու եւ մինչեւ իր անհանգստութիւնը կ՛աշխատէր քանի մը վէպերու վրայ:

Scroll Up