Ալմաթիի Կիրակնօրեայ Դպրոցը Մէկ Տարեկան Է
2016-ի հոկտեմբեր 1-ին Ալմաթիի «Ամուրէ» համերգաժամանցային համալիրի յարմարաւէտ շէնքին մէջ Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» կազմակերպութեան ղեկավար Էռնեստ Վարդերեսեանի ջանքերով իր գործունէութիւնը սկսաւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը: Կը թուի` մէկ տարին բաւարար չէ սեփական ձեռագիր ունենալու եւ «պատմութիւն» կերտելու համար, բայց եկուր ու տես, որ այդ կարճ ժամանակահատուածին Ալմաթիի դպրոցը ոչ միայն կրցած է իր շուրջ համախմբել հայ երեխաները, այլեւ դարձած է ազգային մշակոյթի զարգացման ու տարածման իւրատեսակ կեդրոն, ուր կը կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ, մեծ շուքով եւ հանդիսութեամբ կը նշուին նաեւ Ղազախստանի եւ ՀՀ պետական տօները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, այս տարի Լուսինէ Շահուերդեանի նախաձեռնութեամբ, որ, ի դէպ, կառոյցի ղեկավարն Է. Վարդերեսեանի բնորոշմամբ, հայրենասէր եւ իր գործի իսկական նուիրեալ մարդ է, կազմակերպուեցաւ նաեւ ամառնային դպրոց: Այժմ ալ Լուսինէն «Մասիս»-ի ղեկավարութեան հետ համատեղ, կը նախագծէ Ալմաթիի մէջ հայերէնի ուսուցիչներու դպրոց-կեդրոն հիմնելու ծրագիր եւ այլն:
Անոնք, որոնք կը ճանչնան Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Էռնեստ Վարդերեսեանը եւ գործադիր կոմիտէի անդամները` Ռոդիկ Մնացականեանը, Սահակ Սալումեանը, Ռիմա Ցականեանը, Լուսինէ Շահուերդեանը, վստահ են, որ անոնց իւրաքանչիւր ծրագիր կամ նախագիծ շատ շուտով իրականութիւն պիտի դառնայ:
Մենք ալ կը շնորհաւորենք Ալմաթիի մեր հայրենակիցներուն կիրակնօրեայ դպրոցի մէկամեակին առթիւ եւ կը մաղթենք բեղմնաւոր գործունէութիւն` ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդին: