Սփիւռքի Հայկական Համայնքները Կամուրջ Կը Հանդիսանան Իրենց Հիւրնըկալած Երկիրներուն Եւ Հայրենիքին Միջեւ

Հոկտեմբեր 3-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց խումբ մը ուխտաւորներ Պուլկարիայէն ` ուղեկցութեամբ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանի եւ ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Վազգէն Եակուբեանի: Խումբը, որուն կազմին մէջ էին Պուլկարիոյ ազգային գործիչներ, արուեստի ներկայացուցիչներ եւ խորհրդարանի պատգամաւորներ, Հայաստան ժամանած է մասնակցելու նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանիի ներքոյ, Սոֆիայի ու Հայաստանի Ազգային պատկերասրահներուն ջանքերով կազմակերպուած հանրայայտ պուլկարահայ գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի նկարներու ցուցահանդէսին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց Պուլկարիա կատարած իր հովուապետական այցը` ընդգծելով, որ ականատես դարձած է պուլկարահայ համայնքի հաւատաւոր ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու եւ ազգային արժէքներով ապրելու անոր ձգտումին: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշեց նաեւ, որ Պուլկարիոյ հայկական համայնքը ունի հարուստ պատմութիւն եւ մշտապէս իր կարողութիւններով մասնակից դարձած է երկրի զարգացման ու յառաջընթացին:
Նորին Սրբութիւնն արձանագրեց, որ Սփիւռքի հայկական համայնքները կարեւոր կամուրջ կը հանդիսանան իրենց հիւրնըկալած երկիրներուն եւ հայրենիքին միջեւ սերտ, բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման գործին մէջ:
Անդրադառնալով լուսահոգի Պետիկ Պետրոսեանի նկարներու ցուցահանդէսին` Հայոց Հայրապետն իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն` շեշտելով, որ նման մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը միմիայն կը նպաստեն երկու ժողովուրդներու փոխճանաչողութեան:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ նմանօրինակ այցելութիւնները եւս խթան կը դառնան թեմական կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ հայ-պուրլկարական կապերու առաւել սերտացման ու ամրապնդման համար:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Մարիա Ցոցորկովա-Կայմակչիեւան: