Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մօր Իկնատիուս Եփրեմ Բ-ի Պատմական Այցը Ռումանիա

Սեպտեմբեր 26-ին Ալեքսանտրիոն հիմնադրամի հրաւէրով Ռումանիա  ժամանած է Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մօր Իկնատիուս Եփրեմ Բ-ը, որուն Օտոպեն միջազգային օդակայանին մէջ  դիմաւորած են Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան եւ առաջնորդական փոխանորդ արժ. Տ. Գրիգոր քահանայ Հոլկան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:

Նոյն օրը Տաթեւ Սրբազանը ներկայ  գտնուած է Նորին Սրբութիւն Իկնատիոս Բ Պատրիարքի պարգեւատրման արարողութեան: Ալեքսանտրիոն հիմնադրամին կողմէ Պատրիարքը պարգեւատրուած է «Կոնստանտին Պրընկովեանու» յատուկ մրցանակով:

Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ Քոյր Եկեղեցիներն ունին միեւնոյն քրիստոսաբանութիւնը եւ սրբազան աւանդութիւնը, հայրախօսական եւ ծիսական ժառանգութիւնը, ընդհանուր սուրբեր եւ այսօր ալ սերտօրէն կը զարգանան պատմական ակունքներ ունեցող յարաբերութիւնները այդ երկու Եկեղեցիներուն միջեւ:

Հոկտեմբեր 1-ին, Նորին Սրբութիւն Իկնատիոս Բ-ը եւ զինք ուղեկցող եպիսկոպոսաց դասը մասնակցած են Ռումանահայոց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած սրբազան պատարագին: Պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, որ իր խօսքին մէջ մէկ անգամ եւս շեշտած է Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու առաքելահաստատ եւ առաքելահիմն ըլլալը, այն դարաւոր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը, որ առկայ է երկու հնագոյն եկեղեցիներուն միջեւ: Սրբազան հայրը նաեւ իր մտահոգութիւնը  յայտնած է Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող պատերազմական ու լարուած իրավիճակին համար եւ աղօթք բարձրացուցած առ Աստուած խաղաղութեան համար:

Պատարագի աւարտէն ետք, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ սրբազան պատարագ  մատուցած է նաեւ Իկնատիոս Պատրիարքը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Ռումանահայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանին եղբայրական ջերմ ընդունելութեան եւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու շարունակականութեան եւ համագործակցութեան համար` հայցելով մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու բարեխօսութիւնը:

Նորին Սրբութիւն Իկնատիոս Բ Պատրիարքի այցը Ռումանիա պատմական էր  քանի մը առումներով: Նախ` Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիմնադրումէն ի վեր սա այդ եկեղեցւոյ առաջնորդի առաջին այցն էր Ռումանիա, երկրորդ` առաջին անգամ Ռումանիոյ տարածքին մէջ կը մատուցուի ասորական պատարագ, այն ալ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ` արամերէն, այն լեզուով, որմով կը խօսէր Յիսուս Քրիստոս:

Սրբազան Պատարագներուն ներկայ էին ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Համլէտ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայերու Միութեան նախագահ տիար Վարուժան Ոսկանեան, երկու եկեղեցիներու հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, հիւրեր, հայ համայնքի անդամներ: Պատարագներու աւարտէն ետք ներկաները մասնակցած են Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հիւրասիրութեան:

Scroll Up