Գերմանիոյ ՄԷջ Առաջին Անգամ Կայացաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Տօնակատարութիւն. լուսանկարներ, տեսանիւթ
Աւանդական զուռնա-տհոլով, հարիսայով, ազգային երգ ու պարով Գերմանիոյ հայ համայնքն առաջին անգամ նշած է Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած տօնակատարութիւնը:
Գերմանիոյ Ներքին Սաքսոնիայի Լէեր (Leer) քաղաքին մէջ բնակող միակ հայ Թովմասեաններու ընտանիքը Օսթֆրիզլանդ (Ostfrisland), Էմսլանտ (Emsland) մարզերու եւ Լաուենպուրկ (Lauenburg) քաղաքի համայնքներուն հետ համատեղ կազմակերպած էր Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Յատկանշական է, որ ձեռնարկը տեղի ունեցած է 2015 թուականին տեղադրուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին հարող այգիին մէջ: Յատուկ այս առիթով Լէերի քաղաքային իշխանութիւնները թոյլ տուած են քաղաքապետարանի դիմացի մասին մէջ տեղադրել Հայոց եռագոյնը: Ձեռնարկը ազդարարուած է ինքնաշարժներու երթով. ինքնաշարժներու համարներու փոխարէն «Մուսա լեռ» եւ «Հայաստան» գրութիւններով մօտ 20 ինքնաշարժ, ծածանելով հայոց դրօշը, շրջած են Լէեր քաղաքով, որմէ ետք խաչքարին յարող այգիին մէջ մեկնարկած է ձեռնարկի սկիզբը: Այս մասին ««Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն ձեռնարկի կազմակերպիչները:
Ձեռնարկին մասնակցած են ոչ միայն Գերմանիոյ ամբողջ տարածքին մէջ ապրող հայերը, այլ նաեւ գերմանացի պաշտօնեաներ, որոնց հայ համայքը դիմաւորած է աղուհացով` ուղեկցելով զուռնա-տհոլի պարեղանակով: Ձեռնարկին սկիզբը գերմաներէն եւ հայերէն ներկայացուած է Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութիւնը, Գերմանիոյ տարբեր համայնքներէ ներկայացուցիչներ ողջունած են ներկաները` կարեւոր համարելով նման ձեռնարկներու իրականացման դրական ազդեցութիւնը Գերմանիոյ մէջ հայ համայնքի զարգացման վրայ: «Հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնն առաջինն էր աշխարհի մէջ, որուն ժամանակ թուրքերը փորձեցին կոտորել եւ պատմութեան գիրկն ուղարկել ամբողջ ժողովուրդ մը: Նկատենք, որ Ֆրանց Վերֆելի կողմէ գրուած «Մուսա լերան քառասուն օրը» գիրքն արգելուած էր Նացիստական Գերմանիոյ մէջ, քանի որ փորձ կ’ըլլար ամէն կերպ թաքցնել ճշմարտութիւնը: Այսօր, ահա, այդ գիրքը մեծ տարածում ունի Գերմանիոյ մէջ, աւելին` Լէեր քաղաքին մէջ կը նշուի հերոսամարտին նուիրուած այս ձեռնարկը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լէերի միակ հայ ընտանիքի հայր Ալբերտ Թովմասեանին, որ այս ձեռնարկով բացաւ մեր աչքերը` ներկայացնելով տեղի ունեցածը»,-ըսած է ներկաներէն մէկը:
«Պարոն Թովմասեանն իրաւամբ կը համարուի մեր տարածաշրջանի հայ-գերմանական մշակութային կեանքի եւ միասնականութեան դեսպանը»,-իր խօսքին մէջ ըսած է ձեռնարկի յատուկ հիւր, Քրիստոնէահրէական միասնական աշխատանքային կազմակերպութեան նախագահ, նախկին քաղաքապետ Քելլները, որ, ի դէպ, ժամանակին թոյլատրած էր խաչքարի տեղադրումը: Իր ելոյթի աւարտին ան աւելցուցած է հայերէն` «Հարիսա, մենք բոլորս կը ցանկանք համտեսել հարիսա»: Ելոյթներէն յետոյ կեդրոնական եւ հիւսիսիային Գերմանիոյ հոգեւոր հովիւ տէր Գնէլ քահանայ Գաբրիէլեան օրհնած է հարիսան, որմէ յետոյ ազդարարուած է բուն ձեռնարկին մեկնարկը:
Լէեր քաղաքի նախկին քաղաքապետ Վոլֆկանկ Քելլերը, հայագէտ, լրագրող, արձակագիր Եօխն Մանգելսենը, Քրիստոնեայ եկեղեցիներու արհմիութեան «Ացեկա» նախագահ Ոււէ Վիառտան առաջիններէն էին, որ փորձած են յատուկ մուսալեռցիներու բաղադրամասով մատուցուած հարիսան: Ձեռնարկը ուղեկցուած է աւանդական երգ ու պարով, հայ փոքրիկները, որոնք երբեք չեն եկած Հայաստան, արտասանած են հայ գրողներու յայտնի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ: Բացի հարիսայէն ձեռնարկին մատուցուած է նաեւ թեմատիկ տորթ, որ պատրաստած էր Վիլեմ Սաֆենից հայ խոհարարը: