Նոր նշանակում Իրաքի հայոց թեմէն ներս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանը, ազատուելով Եգիպտոսի հայոց թեմէն ներս ստանձնած իր պարտականութիւններէն, ծառայութեան  կոչուած է Իրաքի հայոց թեմէն ներս՝ թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ:Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի լրատուական ծառայութենէն:

Scroll Up