«Կ´երգենք Կոմիտաս» Փառատօնի Մասնակիցներն Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր
Սեպտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կ´երգենք Կոմիտաս» փառատօնի մասնակիցներն այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խորնարհեցին անմար կրակին մօտ:
Այնուհետեւ անոնք շրջայց կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
Այսօր երեկոյեան, ժամը` 19:00-ին, փառատօնի մասնակիցները համերգով հանդէս կու գան Վանաձորի երաժշտական դպրոցի դահլիճին մէջ: