«ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԷՄԱԼՆ ՈՒ 2015Ը». «Թարաֆ»ի մէջ Թանէր Աքչամ կը մէջբերէ Աթաթիւրքէն՝ 1915ը դատապարտող արտայայտութիւններ

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան երբ վիճայարոյց արտայայտութիւններ կ՚ունենայ ու թիրախ կը դառնայ քննադատութիւններու, ինքզինք արդարացնելու համար տուեալ նիւթին մասին կը կատարէ Աթաթիւրքէն մէջբերումներ, դիտել տալով՝ «Տեսէ՛ք, ինչ որ ես կ՚ըսեմ հիմա, Աթաթիւրք ալ նոյնը ըսած է ատենին» կամ ալ կը նշէ, թէ ան նման մօտեցում ցուցաբերած է: Ատոր վերջին օրինակը կը վերաբերի Տիգրանակերտի մէջ իր արտասանած «Քիւրտիստան» եզրին:

Եթէ կարելի է Քիւրտիստան անունը արդարացնել Մուսթաֆա Քէմալի խօսքերով, ուրեմն կարելի չէ՞ նոյնը ընել նաեւ դատապարտելու համար 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Գրած էինք, թէ ծանօթ թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ ա՛յս սկզբունքէն ճամբայ ելլելով՝ լծուած է նշեալ գործին : Ան սկսած է գիրքի մը պատրաստութեան, որ կը կոչուի «Մուսթաֆա Քէմալն ու 2015ը»:

Վերջին օրերուն, Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ ստորագրած յաջորդական իր երկու գրութիւններով ալ յաւելեալ բացատրութիւններ տուած է իր աշխատասիրութեան նիւթին մասին: Կը բացայայտէ Աթաթիւրքի կողմէ յայտնուած գաղափարներ, որոնք յստակօրէն կը դատապարտեն Հայոց տեղահանութեան ու անոնց դէմ գործուած սպանդներուն պատասխանատու Իթթիհատականները ու կը պահանջեն, որ անոնք պատժուին, եւ ո՛չ թէ թուղթի վրայ, այլ՝ գործնապէս, որովհետեւ անոնց մտայնութեան վերակենդանացումը կրնայ վնասակար ըլլալ երկրին:

Այդ գրութիւններուն մէջ Աքչամ կը յիշէ «Մինպէր» անունով թերթ մը, որ հրատարակուած է Աթաթիւրքի մօտիկ ընկեր Ֆէթհի Օքեարի եւ Աթաթիւրքի կողմէ միասնաբար: Այս թերթը սկսած է հրատարակուիլ 1918 Նոյեմբեր 1էն եւ 51 թիւ վերջ փակուած է: Այդ թերթին մէջ ընդհանրապէս հրատարակուած են անստորագիր կամ ծածկանուններով ստորագրուած յօդուածներ: Ստոյգ չըլլալով հանդերձ, թէ այդ գրութիւններէն որո՞նք կը պատկանին Մուսթաֆա Քէմալին, նշեալ թերթը ի՛րը ըլլալով, հոն արտայայտուած գաղափարներն ալ արդարօրէն կարելի է ի՛րը նկատել:

Այսպէս, օրինակ, 1918 Նոյեմբեր 6ի թիւին մէջ շատ խիստ քննադատութիւններ տեղ գտած են Իթթիհատականներուն հասցէին, որոնք արդէն խոյս տուած էին երկրէն: Աքչամ դիտել կու տայ, թէ այդ թերթին կողմէ հրատարակուած գրութեան մէջ Իթթիհատականները կը համարուին հրոսախումբեր: Հայոց դէմ կատարուածը կ՚որակուի «աղէտ» եւ աններելի վերաբերում: Պատմաբանին կողմէ արդի թրքերէնի վերածուած գաղափարներուն մէջ, որոնք տեղ գտած են հոն, կը պաշտպանուի ազգի մը գոյատեւման իրաւունքը, հոգ չէ թէ ան նոյնիսկ երեք հոգիէ բաղկացած ըլլայ, եթէ վերջինս ունի ուրոյն լեզու, մշակոյթ եւ ինքնութիւն: Հոն ըսուածներէն, ի մէջ այլոց, կարելի է յիշել զգայացունց հետեւեալ միտքերը. «Քանի մը հոգիի խելապատակէն ելած այդ սխալ որոշումը (հայ ազգը բնաջնջելու) ուրիշ ի՞նչ արդիւնքի կրնար յանգիլ, եթէ ոչ դարերէ ի վեր նոյն հայրենիքը բաժնող, իրարու հետ որպէս բարի դրացի ապրող եւ ընկերային կեանքէ ներս իր բոլոր պարտականութիւնները կատարող ժողովուրդի մը վստահութեան ու ապահովութեան չքացումին: Արդարեւ, այդպէս ալ եղաւ: Ոմանք պիտի պնդեն, որ Հայոց մէջ ալ որոշ տարրեր ծայրայեղութեան գացին, բայց արդեօ՞ք փոքրաթիւ մարդոց սխալին պատճառաւ կարելի է ամբողջ ժողովուրդ մը սուրէ անցընել: Ասիկա նիւթական տեսակէտէ ալ շատ վնասակար է»: Ատով կ՚ակնարկուի Հայոց բնաջնջումով՝ թրքական պետութեան զրկուած տուրքերուն:

Աթաթիւրքի հրատարակած այդ թերթին մէջ ըսուած է նաեւ թէ Հայերը հինէն ի վեր նկատուած են քրիստոնեայ Թուրքեր: Հոն դեռ կը կարդանք.- «Թուրքերու եւ Հայոց միջեւ ամուր վստահութիւն կար, Թուրքերը զինուոր մեկնելէ առաջ իրենց հարազատները կը վստահէին իրենց հայ դրացիներուն: Այս երկու ազգերուն միջեւ անկեղծ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ կային: Անոնց միջեւ դաւաճանութեան որեւէ պատմութիւն չկար…»:

Աքչամ իր երկրորդ յօդուածին մէջ ալ կը յիշէ 1919ին Ամասիոյ մէջ, Մուսթաֆա Քէմալի գլխաւորած Ներկայացուցիչներու Ժողովին ու Պոլսոյ Ալի Ռըզա Փաշայի կառավարութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները: Անոնց մէջ եւս, Մուսթաֆա Քէմալ կը պնդէ՝ պատերազմի ընթացքին իրենց յանցագործութիւններուն համար Իթթիհատականները պատժելու անհրաժեշտութեան վրայ: Մուսթաֆա Քէմալի կարծիքներուն մէջ յիշատակուած է նաեւ «տեղահանութիւն» բառը: Աքչամ կը յիշեցնէ նաեւ որ Մուսթաֆա Քէմալ 1920 Ապրիլ 24ին Խորհրդարանի բացման առթիւ ունեցած իր երկար ելոյթին մէջ, Հայոց դէմ գործուած սպանդները որակած է «ֆէզահաթ», որ կը նշանակէ «ամօթալի արարք»:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up