Համայնքային Գործիչ Ժիրայր Ռէիսեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի հայազգի պատգամաւոր, Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի անվտանգութեան ու պահպանման ուղղուած անոր ջանքերը:
Ժիրայր Ռէիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր գնահատանքի համար եւ նշեց, որ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը կարեւոր հարթակ էր, ուր տարբեր երկիրներէ եկած մեր հայրենակիցները կրցան հանդիպիլ եւ քննարկել իրենց յուզող հարցերը, կարծիքներ փոխանակել, նոր ծրագիրներ ներկայացնել:
Խօսելով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին, համայնքային գործիչը աւելցուց. «Պատերազմի ծանր տարիներն անցած են, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ տակաւին գոյութիւն չունին դժուարութիւններ: Սուրիահայերը պատերազմի տարիներուն տեղափոխուած էին տարբեր երկիրներ, ես ասիկա գաղթ չեմ համարեր, այլ տեղափոխութիւն` անվտանգութենէն ելլելով: Մարդիկ վտանգի մէջ գտնուող քաղաքներէն առաւել անվտանգ վայրեր տեղափոխուած են: Այժմ շատ սուրիահայեր վերադարձած են Հալէպ, ներառեալ, եւրոպական երկիրներէ, Հայաստանէն: Ի հարկէ, խնդիրներ կան, սակայն պայմանները կը բարելաւուին»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հալէպ ներկայիս կը բնակի մօտ 18 հազար հայ, իսկ ամբողջ երկրին մէջ հայերու թիւը կը հասնի շուրջ 28 հազարի: