«Վարդանանց Ասպետներ» Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ-ի «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան նորընտիր աւագ ատենապետ Կերի Զամանիկեանը, աւագ դպրապետ Ռիչարտ Նորսիկեանտ, նախկին աւագ սպարապետ Սթիւ Քրաճեանը եւ կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Գոհար Պալեանը:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կրթական, մշակութային համատեղ ծրագիրներու իրականացումը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Շատ ուրախ եմ, որ եկաք: Մեզ համար մեծ պատիւ է մեր լաւագոյն կազմակերպութիւններից մէկի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը «Հայաստան-Սփիւռք» համաժողովին: Շատ կարեւոր է սփիւռքի համախմբումը եւ մէկտեղումը, միասնականութեան զօրացումը: Սփիւռքում հայկական համայնքը հայ պահելու համար մենք պէտք է օգնենք պահպանել լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, ընտանիքը: Մենք ծրագրեր ենք մշակում, որպէսզի Սփիւռքը աւելի մօտենայ Հայաստանին, Հայաստանն էլ` Սփիւռքին»:
Նախարարը ներկայացուց «Սահմանապահ գիւղերուն աջակցութեան» ծրագիրը եւ առաջարկեց 44 գիւղերէ ընտրել մէկը ու այն դարձնել «Վարդանանց ասպետներ»-ու գիւղ, շէնացնել զայն, մանկապարտէզ, դպրոց վերանորոգել, սոցիալական ծրագիրներ իրականացնել:
«Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան աւագ ատենապետ Կերի Զամանիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին հանդիպման համար եւ աւելցուց. «Մեզի համար մեծ պատիւ է ներկայանալ Ձեզի, եւ կ’ուզեմ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել հրաւէրի համար: Մասնակցեցանք հայապահպանութեան ուղղուած թեմատիկ նիստերուն, զեկուցումները բաւականին ընդգրկուն էին, հետաքրքիր: Հայապահպանութիւնը առաջնահերթութիւն է մեզի համար: Սփիւռքի մէջ ձուլումը արագ եւ դիւրին է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը օտար շրջանակի մէջ կը գտնուի, կը կորսնցնենք լեզուն: Խառնամուսնութիւնները նոյնպէս կը քայքայեն, կը թուլցնեն համայնքը:Այդ տեսանկիւնէն համաժողովին բարձրացուած հարցերը խիստ կարեւոր եւ առաջնային են: Սփիւռքը ուժեղ է Հայաստանով, Հայաստանը` Սփիւռքով: Մեծ սիրով եւ պատրաստակամութեամբ կ’ընդունենք սահմանապահ գիւղերուն աջակցութեան Ձեր առաջարկը»:
Կազմակերպութեան աւագ դպրապետ Ռիչարտ Նորսիկեան, որ նաեւ «Նոր գեղի» հայրենակցական միութեան նախագահն է, նշեց, որ նախօրէին այցելած են Նոր Գեղի եւ կ’աջակցին տեղի մանկապարտէզի սրահի նորոգման աշխատանքներուն: «Միութեան անդամները 300-400 հոգի ամէն տարի կը հաւաքուին Տեթրոյթի մէջ, կը մասնակցին բարեգործական հաւաքներուն ու յետագայ գործունէութեան ծրագիրներ կը մշակեն»:
«Վարդանանց ասպետներ կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1916թ., գրասենեակներ ունի ԱՄՆ-ի, Գանատայի մէջ, 2016թ.-ից նաեւ` Հայաստանի մէջ: