Մալիզիոյ Մէջ Հայկական Այգի Բացուած Է

Մալիզիոյ Փենանկ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքի կեդրոնին մէջ հայկական այգի  բացուած է:

«Այգին, որ 1600 քառ. մեթր տարածք կը զբաղեցնէ, նախատեսուած է հանրային խաղերու եւ ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Այն կը հանդիսանայ քաղաքի կանաչապատման ծրագիրէն  մաս մը»,- Փենանկի նահանգապետ Տաթուկ Մայմունախ Շէրիֆի խօսքերը կը մէջբերէ մալիզիական Thesundaily պարբերականը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Rusarminfo-ին, կը նշէ, որ պարբերականի փոխանցմամբ` Ճորճթաունի բնակիչներն արդէն ժամանցի եւ հանգիստի նոր վայր կ’ունենան:

Այգին, որուն կառուցումը սկսած էր 2016 թուականին, կը գտնուի Արմէնիան Սթրիթ կամ Լեպուհ Արմէնիա (Armenian Street, Lebuh Armenian) փողոցի հարեւանութեամբ:

Scroll Up