Երեւանի Ղազարոս Սարեանի Անուան Արուեստի Դպրոցի Երաժշտախումբը Համերգային Շրջագայութիւն Կատարեց Իրանի Մէջ

Սեպտեմբեր 9-15 Երեւանի Ղազարոս Սարեանի անուան արուեստի դպրոցի երաժշտախումբը համերգային շրջագայութիւն կատարեց Իրանի մէջ, որուն ընթացքին հայ երաժիշտները իրանական եւ հայկական ծիրէն ներս հանդէս եկան համերգային ներկայացումներով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Այցի ծիրէն ներս երաժշտական դպրոցի անձնակազմը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն, որուն ընթացքին Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան մրցելոյթները լաւագոյնս կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար շնորհակալութիւն յայտնեց պատանի հայ երաժիշտներուն եւ դպրոցի ղեկավար կազմին` աւելցնելով, որ նման խումբերու այցերուն ընթացքին հայ կատարողական արուեստն ու հայկական դասական երաժշտութիւնը ներկայացնելը լաւագոյն միջոց է Հայաստան-Իրան մշակութային կապերու ամրապնդման համար:
Հայաստանէն ժամանած հիւրերը պատմեցին Իրանի մէջ իրենց շրջագայութիւններուն, համերգային ներկայացումներուն, ինչպէս նաեւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ Թեհրանէն ստացած վառ տպաւորութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին դեսպան Թումանեան յաջողութիւն մաղթեց երաժշտախումբի անդամներուն եւ յոյս յայտնեց, որ յետագային եւս կ’իրականացուին նմանատիպ համերգային ծրագիրներ: