Տեղի Պիտի Ունենայ «Նայիրի» Երաժշտական Այգիի Խորհրդանշական Արձաններու Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Սեպտեմբեր 16ին ժամը 11:30-ին, Հանքաւանի «Նայիրի սպա ռեզօրթս» հիւրանոցային համալիրի տարածքին մէջ ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ մեկնարկած «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ «Նայիրի» երաժշտական այգիի արձաններու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այգիին մէջ տեղադրուած են հայ երաժշտութիւնը, նուագարանները, երգարուեստը խորհրդանշող պրոնզաձոյլ պատկերաքանդակներով արձաններ: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է ռուսաստանաբնակ գործարար Գրիգոր Ղուկասեան:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան, «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի անդամները, հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ներկաները կ’ողջունէ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Ելոյթ կ’ունենայ «Նայիրի սպա ռեզօրթս» համալիրի հիմնադիր Գրիգոր Ղուկասեանի տիկինը` Աննա Մարտիրոսեան:
Հանդիսաւոր արարողութիւնը կ’եզրափակուի տօնական համերգով:
(Մեկնումը` 09:00-ին` Շահումեան հրապարակէն, յարմարաւէտ հանրակառքերով):