Նախագահը Ներկայ Գտնուած Է «Էօրնէկեան Հանրակրթական Դպրոց»-ի Նոր Մասնաշէնքի Բացման

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանի,  շարք մը պաշտօնատար անձանց եւ պատուաւոր հիւրերու հետ այսօր ներկայ  գտնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Էօրնեկեան հանրակրթական դպրոց» հանրակրթական ուսումնական հաստատութեան նոր մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Դպրոցի օրհնութեան կարգը կատարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Հանրակրթական ուսումնական այդ հաստատութիւնը հիմնադրուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի բարերութեամբ` 2009թ. սեպտեմբեր 1-ին, Վաղարշապատի թիւ 13 հանրակրթական դպրոցի հենքին վրայ: Դպրոցի ուսումնառութեան պայմանները բարելաւելու նպատակով Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի հովանաւորութեամբ` Էջմիածինի մէջ կառուցուած է «Էօրնեկեան հանրակրթական ուսումնական հաստատութեան» նոր եւ լաւագոյնս կահաւորուած դասասենեակներով ու յագեցած աշխատանոցներով շէնքը, որ կրնայ իր յարկին տակ ընդունիլ 500 եւ աւելի աշակերտի:

Հանրապետութեան Նախագահը շրջայց  կատարած է նորաբաց դպրոցին մէջ, ծանօթացած իրականացուած աշխատանքներուն եւ ուսումնառութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, որմէ ետք մասնակցած է դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած ծառատունկին:

Scroll Up