Լոյս Տեսաւ Լիբանանահայ Ծանօթ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորները Միջին Արեւելքի Տարածքին, Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» Գիրքին Անգլերէն Հատորը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/Armenian-bankers-book.jpg)
Լիբանանահայ ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական հարցերու մեկնաբան, տնտեսական բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դասախօս՝ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ընթերցողներու սեղանին վրայ դրաւ «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ »( 2012) արժէքաւոր ուսումնասիրութեան անգլերէն հատորը` (Armenian Bankers In The Ottoman Empire): Սոյն գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը՝ «Ալ Սայարիֆա Էրմէն Ֆի Իմփերաթորիաթ Օսմանիէ» լոյս տեսաւ 2015-ին:
Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ հայ սեղանաւորներու դերակատարութիւնը, անոնց նախաձեռնութիւնները, ներդրումները, հայ ժողովուրդին հանդէպ թուրք իշխանութիւններու աւազակաբարոյ արարքները,ֆիզիքական հաշուեյարդարին զուգահեռ, յափշտակուած դրամագլուխը:
Արդէն իսկ պատրաստութեան վրայ է սոյն աշխատութեան թրքերէն օրինակը «Էրմենի Սարաֆլար Օսմանլի Իմփերաթորլուկունտա»(Ermeni Sarraflar Osmanli Imparatorlugunda): Գիրքը կը նախատեսուի թարգմանել այլ լեզուներու:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ծանօթ հեղինակութիւն մըն է միջազգային տնտեսագիտութեան մէջ: Ան երկար տարիներ վարած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխկառավարիչի պաշտօնը (1985-1990): Ան, բազմիցս Լիբանանը ներկայացուցած է Միջազգային Ելեւմտական Հիմնարկին մէջ (IMF ), մասնակցած է միջազգային տնտեսական բազմաթիւ խորհրդաժողովներու, արժանանալով տուեալ հաստատութեանց բարձր գնահատանքին:
Գիրքի նախաբանին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան հայ նոր սերունդին կը թելադրէ խոր գիտակցութեամբ ուսումնասիրել թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդէն յափշտակուած դրամագլուխը եւ աննահանջ շարունակել պահանջատիրական պայքարը: