Պալաշիխա Քաղաքին ՄԷջ Մեծ Հանդիսութեամբ Բացուեցաւ Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Ռուսաստանի Դաշնութեան մերձմոսկովեան Պալաշիխա քաղաքին մէջ մեծ հանդիսութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ հայկական համայնքին կից գործող Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող քաղաքային կիրակնօրեայ դպրոցը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Յովհաննիսեան, հայկական համայնքի անդամներուն  այս առիթով  շնորհաւորելու եկած էին քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, քաղաքի կրթական ոլորտի պատասխանատուներ, Ռուսաստանի հասարակական, համայնքային կառոյցներու անդամներ, Պալաշիխայի բնակիչներ: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի օրհներգներով: Հիւրերը դիմաւորեցին աւանդական աղ ու հացով:

Խօսելով ՌԴ-ի մէջ կիրակնօրեայ դպրոցներու սեղծման անհրաժեշտութեան մասին` Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Գերման Անանեանցը  նկատեց, որ նման դպրոցները մոսկուայամերձ բնակավայրերու մէջ քիչ են, ու անհրաժեշտ է ատոնք շատացնել: Կարեւոր համարեց նաեւ  հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու կազմակերպումը հայկական համայնքներուն կից: Ռուսաստանի հայերու միութեան ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Պալաշիխայի հայկական համայնքի ղեկավարին` Պալաշիխայի մէջ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ստեղծման աջակցելու համար:

Վերջինիս  երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան եւ համայնքային կեանքին մէջ ունեցած նշանակալից աւանդի համար պարգեւատրեցին Ռուսաստանի հայերու միութեան յոբելենական Ոսկէ մետալով: Ելոյթով հանդէս եկաւ Պալաշիխա քաղաքի կրթութեան վարչութեան փոխտնօրէն Նաբատովա Տամարան, որ խօսեցաւ նման ազգային դպրոցներու կարեւորութեան մասին, շնորհաւորեց դպրոցի սաներուն ընձեռնուած հնարաւորութեան համար, որ հայ երեխաները կրնան հիմնական գիտելիքներուն զուգահեռ ստանալ  հայկական կրթութիւն:

Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ առաջին ազգային-մշակութային դպրոցի հիմնադիր, Ռուսաստանի վաստակաւոր մանկավարժ Օֆելեայ Առաքէլեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր համարեց օտար երկրի մէջ աշխատող հայ ուսուցիչին դերը: Նշեց այն անսահման նուիրման ու պատասխանատուութեան կշիռի մասին, որ դրուած է անոնց ուսերուն, որոնք կը փորձեն  ռուսական միջավայրի մէջ մեծցող երեխաներուն սորվեցնել մեր այբուբենը, պահպանել անոնց հայեցի կերպը:

Պալաշիխայի հայկական համայնքի ղեկավար Լեւոն Մկրտչեան ներկաներուն պատմեց, որ Պալաշիխայի մէջ կ’ապրին մեծ թիւով հայեր ու նման դպրոցի ստեղծումը հայ երեխաներուն կը փրկէ այլ ազգերու հետ ձուլուելու վտանգէն:  Իսկ մեծաքանակ հայ երեխաներուն ուշացման վտանգէն փրկելու միակ միջոցը մայրենի լեզուին տիրապետելն ու  հայ մշակութային, հոգեւոր արժէքներով   ողջ սերունդ մը դաստիարակելը: Սա Սփիւռքի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու հիմնական առաքելութիւնն է:

Այս սկզբունքով  առաջնորդուած են դպրոցի ստեղծման նախաձեռնողները` համայնքի փոխնախագահ Ժաննա Յարութիւնեանն ու լրագրող Սուսաննա Յովհաննիսեանը. վերջինս եւս տօնական ձեռնարկի ծիրէն ներս պարգեւատրուեցաւ Ոսկէ մետալով` Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ:

Քաղաքի միակ հայկական դպրոցի հիմնադիրներն իրենց ելոյթներուն մէջ  խօսեցան օտար երկրի մէջ ապրող հայ երեխայի ազգային ինքութեան կորուստի մշտական սպառնալիքի ու ձուլման վտանգի մասին` կոչ ընելով հայ ծնողներուն առանձնայատուկ մօտեցում եւ վերաբերմունք ունենալ հայապահպանման կարեւորագոյն հիմնարկին` Պալաշիխա քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին հանդէպ:

Դպրոցի ուսամնական ծրագիրը յարմարեցուած է նաեւ հայերէն չիմացող երեխաներուն հայոց լեզուի բառ ու բանի, գոյնի ու խաղի միջոցով հաղորդակից դարձնելու ժամանակակից մեթոտներով: Սաներունթիւը կ’անցնի երկու տասնեակը: Նախադպրոցական, կրտսեր ու աւագ դասարաններուն մէջ  երեխաները կը սորվին հայոց լեզու, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ կը դասաւանդուի ազգային պար ու երգ:

Դասագիրքեր եւ օժանդակ գրականութիւն տրամադրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Իսկ ուսուցիչները «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի վերապատրաստնան դասընթացներէն վերադարձած են նոր գիտելիքներով ու յատուկ իրականացուելիք աշխատանքային ծրագիրներով:

Դպրոցի սաները  հիւրերուն ներկայացան իրենց գիտելինքներով ու հայերէնի իմացութեամբ: Թէկուզ եւ քիչ մը  կոտրտուած, սակայն արդէն հարազատ դարձած հայերէնով հնչեցին բանաստեղծութիւններ, ելոյթներով հանդէս եկան երաժիշտներ, երգիչներ: Պարային կատարումներով հանդէս եկան դպրոցի սաներն ու միասնական շուրջպարով միաւորեցին բոլորը:

Եւ այսպէս, օտար երկրի մէջ ապրող հայ երեխաները արմատներուն մօտ պահելու, մեր հարուստ պատմական ու հոգեւոր ժառանգութիւնը փոխանցելու եւ հայապահպանութեան պատուաբեր գործը Պալաշիխայի մէջ այլեւս  ամուր հենքի վրայ է:

 

 

Scroll Up