Հայկական Օրեր Գէորգեն Քաղաքին Մէջ
Սեպտեմբեր 8-10 Ռումանիոյ Հարգիտա (Harghita) նահանգի Գէորգեն (Gheorgheni) քաղաքին մէջ իրականացուեցաւ հայկական օրեր` Գէորգենի Հայկական արուեստի փառատօնի 7-րդ թողարկումը: Փառատօնի պատուաւոր հիւրերն էին Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանը, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեանը եւ Գէորգենի հետ եղբայրացած Ալավերտիի քաղաքապետ Կարէն Փարեմուզեանը:
Փառատօնի եռօրեայ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էին տեղի հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւններ, հայկական հոգեւոր երգեր եւ ժողովրդական պարեր Գէորգենի Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երգչախումբի եւ Կեռլա/Արմէնոպոլիսի «Հայաքաղաք» պարախումբի կատարմամբ, տեղի հայկական խոհանոց, ուղեւորութիւն Գէորգենի մերձակայ Չոբոտ լերան Հայկական մատուռ, ինչպէս նաեւ «Ազնաւուր» եւ «Մուսա Լեռ» երաժշտական ներկայացումներ Պուտապեշտի «Ուրարտու» թատերախումբին կատարմամբ: Այս տարի Գէորգենի Հայկական արուեստի փառատօնը մաս կը կազմէր Հարգիտայի Փոքրամասնութիւններու գեղարուեստական փառատօնին, ուր ներկայացուած էին հունգարական, հայկական, հրէական, գերմանական, գնչուական եւ յունական ազգային փոքրամասնութիւններու պարեր եւ երգեր:
Փառատօնի այս տարուան թողարկումը նուիրուած էր Գէորգենի մէջ հայերու հաստատման 380-ամեակին: Ի յիշատակ այդ պատմական տարեթիւին, սեպտեմբեր 8-ին Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ մերձակայ տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ Հայկական խաչքար, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին հայկական պատուիրակութիւնը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Հունգարիոյ հայոց համայնքէն, որոնց ջանքերով ալ խաչքարը հասցուած էր այստեղ: Նոյն օրը հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Գէորգենի Հայ համայնքի տունը: Այս ձեռնարկներուն ողջոյնի խօսքերով ելոյթներ ունեցան մարզպետ Նալպանտեանը եւ դեսպան Գասպարեանը:
Հանդիսաւոր այլ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 10-ին, երբ Գէորգենի իր հայրական տան պատին բացուեցաւ եւ Թրանսիլվանիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի առաքելական կառավարիչ արքեպս. Գիորգի Եակուբինիի (György Jakubinyi) ձեռամբ օծուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Ստեփանոս Ակոնց-Կեուերին (�?tefan Ákoncz-Kövér István) (1740-1824) նուիրուած յուշատախտակը: Աբբահայր Ստեփանոս Ակոնցի եւ Մխիթարեան միաբանութեան մասին ելոյթներ ունեցան Թըրգու Մուրեշի (Tչrgu Mureș) հունգարահայոց միութեան նախագահ դոկտ. Աթիլա Պուշկաշը (Attila Puskas), դեսպան Համլէտ Գասպարեանը, Գէորգենի քաղաքապետ Զոլտան Նագին/Zoltոn Nagy եւ Հունգարիոյ խորհրդարանին մէջ հայոց ներկայացուցիչ Թամաշ Թուրգեանը (Tamոs Turgyոn): Այս խորհրդանշական արարողութեան մասնակցեցաւ եւ ուղերձով հանդէս եկաւ յատուկ այդ առիթով Գէորգեն ժամանած Հունգարիոյ խորհրդարանի նախագահ Լասլօ Կեուերը (László Kövér:
Հայկական պատուիրակութեան այցի օրերուն համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուեցաւ ՀՀ Լոռի մարզին եւ Հարգիտա նահանգին միջեւ:
Հայկական պատուիրակութիւնը սեպտեմբեր 8-ին, 9-ին եւ 10-ին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հարգիտայի գործարար շրջանակներուն հետ նահանգի վարչական կեդրոն Միերկուրէա-Չուկում (Miercurea-Ciuc), Օտորհէյու-Սեկույեսկ (Odorheiu-Secuiesc) քաղաքին եւ Գէորգենի մէջ, որուն կը մասնակցէին յիսունէ աւելի տեղական ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութիւնը շրջայց կատարեց նաեւ նահանգի արտադրական ձեռնարկութիւններ, կրթական հաստատութիւններ եւ զբօսաշրջային վայրեր:
Տեղական հեռուստատեսութիւնը եւ մամուլը լայնօրէն անդրադարձան հայկական պատուիրակութեան այցին եւ մշակութային իրադարձութիւններուն: