Իւրայատուկ Ձայն, Որ Առաջին Անգամ Լսողին Վեր Կը Բարձրացնէ. Թուրք Սիւնակագիրը Սիպիլի Մասին
Թրքական «Հիւրիեթ» թերթի սիւնակագիր, երաժշտական քննադատ Նայիմ Տիլմեները 5 աստղով գնահատած է Սիպիլի ու «The beautified project» ռոք խումբի հիմնադիր եւ մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանի «Քեզ եմ երգելու» երգը (հեղինակ` Յասմիկ Հախվերդեան):
«Մաքրամաքուր, իւրայատուկ ձայն, որ առաջին անգամ լսողին վեր կը բարձրացնէ` ամպերու վրայ»,- այս առիթով գրած է Տիլմեները պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի մասին:
Յիշեցնենք, որ «Քեզ եմ երգելու» երգը հայրենադարձութեան կոչ է` ուղղուած աշխարհասփիւռ հայութեան եւ կ’ամփոփէ այն բոլոր զգացումները, որ կ’ունենայ իւրաքանչիւր հայ, որ ոտք կը դնէ հայրենի հողին վրայ:
Երգի շնորհանդէսը «Պատասխան` 100 տարի անց» համալիր ծրագիրի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ տեղի ունեցած է յունիս 2-ին` Երեւանի մէջ: