Արցախի Վարչապետն Ընդունած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Խումբ Մը Բարերարներ

Արցախի հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեանը սեպտեմբեր 9-ին ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի  խումբ մը ներկայացուցիչներու` հիմնադրամի Լոս-Անճելըսի մասնաճիւղի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Վարչապետը ողջունած է բարերարներու հերթական այցը Արցախ եւ նշած, որ անոնցկ’ ընդունի դահլիճի մը մէջ, ուր շուրջ 30 տարի առաջ ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդի պատգամաւորները որոշում կայացուցած են միանալ մայր Հայաստանին: Ա. Յարութիւնեանի խօսքով` այդ որոշման հետեւած է հայութեան ծանր ու երկարատեւ պայքարը, եւ 1994թ.-ի զինադադարէն ետք, ամէնօրեայ լարուածութեան ներքոյ, թափ  առած է պետականաշինութեան գործընթացքը:

«Այս 23 տարուայ ընթացքում մեզ յաջողուել է պաշտպանել առկան սահմանները, զարգացնել պետական ինստիտուտներն ու տնտեսութիւնը, եւ այդ ամէնը` սփիւռքի եւ Հայաստանի հանրապետութեան գործուն աջակցութեամբ: Միայն վերջին օրերին մենք մասնակցեցինք մի քանի խոշոր միջոցառումների` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի, Շուշիի ստեղծագործական կենտրոնի եւ Սոս գիւղի դպրոցի շէնքերի բացման արարողութիւններին, որոնք բոլորն էլ համահայկական նախագծեր են: Իսկ վերջին ժամանակաշրջանի ամենախոշոր ծրագրի հանգրուանը դարձաւ սեպտեմբերի 1-ին տեղի ունեցած Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղու պաշտօնական բացումը, որը խորհրդանշում է մեր համազգային միասնականութիւնը, քանի որ գումարները տրամադրուել են սփիւռքից, ՀՀ եւ ԱՀ պետ բիւջեներից»,- ըսած  է Ա. Յարութիւնեան եւ աւելցուցած, որ առաջիկայում եւս մի շարք մանկապարտէզների ու դպրոցների շէնքեր են գործարկուելու, ինչը ցոյց է տալիս համահայկական ջանքերի կարեւորութիւնը:

Արցախի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Յարութիւնեանը, կատարած նուիրատուութիւնների համար, շնորհակալութիւն է յայտնել բոլոր այն հայերին, ովքեր անցած 26 տարիներին միշտ եղել են Արցախի կողքին եւ ամէն ձեւով աջակցել են նրա զարգացմանը: «Կ’ուզէի այդ ճանապարհին յատուկ կարեւորել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութիւնը, որն ամենաշատ մասնակցութիւնն ունի Արցախի վերականգնման եւ զարգացման գործում: Արցախի գրեթէ բոլոր համայնքներում հիմնադրամի կողմից նախագծեր են իրագործուել` դպրոցներ, մանկապարտէզներ, համայնքային կենտրոններ եւ այլն»,- նշած է Ա. Յարութիւնեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Ա. Յարութիւնեանին ջերմ ընդունելութեան համար` հիմնադրամի Լոս-Անճելըսի մասնաճիւղի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան նշած է, որ 1992 թուականէն ի վեր միշտ ցանկացած են առաւել արդիւնաւէտ իրագործել ծախսերը: «Այդ առումով, յատուկ կ’ուզէի նշել Արցախի մէջ իրականացուող մեր բոլոր նախագիծերուն մէջ  ԱՀ կառավարութեան առնուազն յիսուն տոկոս մասնակցութեան հանգամանքը,որ թոյլ կու տայ  մեզի աւելի շատ ծրագիրներ իրագործել նոյն միջոցներով»,- ըսած է Քոթանճեան եւ աւելցուցած, որ բացի ֆինանսական միջոցներ ներգրաւելէն` կառավարութիւնը նաեւ լուրջ վերահսկողութիւն կ’իրականացնէ կեանքի կոչուող ծրագիրներու բարձր որակն ապահովելու համար:

Հանդիպման ելոյթով հանդէս  եկած է նաեւ հիմնադրամի ամենամեծ բարերարներէն Անդրանիկ Պաղտասարեան, որ, մասնաւորապէս, նշած է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ` Արցախի մէջ դրական շատ մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են, որ անզէն աչքով նկատելի է ամէն քայլափոխի: «Մեզի այսօր ընդամէնը կը մնայ աջակցիլ եւ հետեւիլ, որ այդ միջոցները նպատակին ծառայեն: Իսկ ես կը հաւատամ, որ համահայկական ուժերով կրնանք շատ աւելին ընել հայրենիքին համար»,- ըսած է Ա. Պաղտասարեան:

Հանդիպման ընթացքին Ա. Յարութիւնեան պատասխանած է նաեւ ներկաները յուզող հարցերուն:

 

 

Scroll Up