Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի սեմին. Ներսէս Ներսէսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/Ներսես-ներսիսյան.jpg)
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ ձեւաւորուած Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի վերնագիրը «ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ» բառերը, ազգային հրատապ հարցերու, շատ եւ շատ լուծումներ խոստացող, եւ շօշափելի աշխատանքներ տանելու կանչ մը կը հանդիսանայ ողջ աշխարհի հայութեան համար:
Այս երեք բառերու միասնական խորհուրդը կը գերէ մեր աշխատանքի լծուելու մարմաջը:
Անկասկած, որ ողջ հայութիւնը Սփիւռքի բոլոր տարածքներուն վրայ ինքնավստահօրէն պիտի ընդունի այս կարգախօսը որպէս արարչական հրահանգ, կամ սկիզբ ազդարարող մեր անյետաձգելի ազգային յաջողութիւներու մեկնարկ:
Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի ողջ հայութիւնը լաւ կը գիտակցին մեր արդար իրաւունքներու մասին: Մենք իւրաքանչիւրս խորաթափանցօրէն կը գիտակցինք մեզմէ զաւթուած կալուածներուն մասին:
Քաջ վստահ ենք, որ Հայրենիքի եւ Հայ ազգի առաջ ծառացած խնդիրները կը լուծուին մի միայն մեր կողմէ բերուած զոհողութիւններով: Սոյն հարցը կ’ընձեռուի միայն միասնականութիւն պահանջող ոգիով: Եւ մենք բոլորս մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք Հայրենիք-Սփիւռք 6րդ համաժողովին մի միայն «Միասնականութեան Խորհուրդի» պատգամով:
Մինչեւ օրս կը պանծացնենք մեր Հայրենիքը, կը գովերգենք հայրենիքի բնութիւնը, կը հետապնդենք որ բարելաւուի Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքի մակարդակը, կը մեղադրենք արտագաղթի ուղին բռնող եւ Հայաստանը լքող հայերու ընթացքը: Ով պիտի կարենայ զսպել այս խոժոր եւ Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը խաթարող վիճակները, եթէ ոչ 6-րդ Համաժողովը:
Այո, այսօր, Սեպտ. 18-21-ը երկարող Համաժողովին Սփիւռքը իր ուրոյն մասնակցութիւնը բերելու ձգտումով արձագանգած են ոչ նուազ քան 1500 ազգանուէր մասնակիցներ: Կը յուսանք , որ բոլորի մասնակցութիւնը պիտի տայ իր շօշափելի արդիւնքը:
Թող որ «ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ» հասկացողութիւնը խրախուսէ բոլորիս, աշխատանքի կեդրոններ ստեղծելու Հայրենիքէն ներս: Թող որ մեր Իշխանութիւնը լիակատար ապահովութիւն ընծայէ Սփիւռքէն ներդրում կատարող գործարարներուն:
Թող որ Հայրենիքի ԲՈՒՀ-երէն շրջանաւարտները ծառայեն մեզ:
Թող որ մենք արտածենք նորագոյն տեխնիկայի վերաբերող արդիւնաբերական գործիքներ եւ իրեր:
Թող որ մեր տարածաշրջանի ողջ երկիրները նախանձելի աշխարահայացք ունենան մեր հանդէպ:
Թող որ կրկին հաւաքենք մենք մեզ:
Թող որ յառաջիկայ ներգաղթը անուանենք «Անկախութենէն Ետք Առաջին Ներգաղթ»:
Քաջ վստահ ենք, որ Համաժողովը պիտի տայ իր բերկրալի արդիւնքը, եւ մենք պիտի վերադառնանք մեր աշխատանքային վայրերը յագեցած ծրագիրներով, պայքարելու ի նպաստ Հայրենիքի անսասանութեան սրբազան նպատակին:
Ներսէս Ներսէսեան
Յորդանան – Ամման