Բակօ Սահակեան Պաշտօնապէս Ստանձնած Է ԱՀ Նախագահի Պաշտօնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/բակո.jpg)
Այսօր Արցախի Ազգային ժողովին կայացած է յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձման:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
ԱՀ նախագահի երդման համար ԱԺ-ի դահլիճ բերուած է Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարանը:
ԱՀ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար ժողովուրդին տրուած երդման իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ստանձնելով ԱՀ նախագահի պաշտօնը` երդւում եմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովրդի»:
Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգ կատարած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, այնուհետեւ` շնորհաւորանքի խօսք յղած Բակօ Սահակեանին:
Երդման հանդիսաւոր խօսքէն ետք Բ. Սահակեան Խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է ելոյթով, ուր մասնաւորապէս ըսած է, որ յուլիս 19-ին ԱԺ կողմէ հրաւիրուած յատուկ նիստի ժամանակ ինք ելոյթ ունեցած է` իբրեւ նախագահի թեկնածու, ուր ներկայացուցած է իր եւ իր թեկնածութիւնը պաշտպանած քաղաքական ուժերու տեսակէտները, մօտեցումները` Արցախի անվտանգութեան ապահովման, քաղաքացիներու բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ:
«Այդ ելոյթում մանրամասն անդրադարձել եմ բանակաշինութեանը, մեր զինուած ուժերի մարտական ոգու եւ պատրաստուածութեան հետեւողական բարձրացմանը, զինծառայողների սոցիալական խնդիրների լուծմանը: Յատուկ ուշադրութեան եմ արժանացրել ժողովրդավարական գործընթացների եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեանն ուղղուած մեր կողմից ապագայում իրականացուելիք աշխատանքները: Մատնանշել եմ այն աշխատանքները, որոնք մենք ձեզ հետ միասին պէտք է իրականացնենք տնտեսութեան տարբեր ճիւղերում` էներգետիկայի, հանքաարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան ոլորտներում: Ներկայացրել եմ, թէ ապագայում ինչպիսին է լինելու պետութեան քաղաքականութիւնը: Առանձնայատուկ նշել եմ մեր երկրի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կրթական համակարգի, մշակութային ոլորտի, զբօսաշրջութեան, սպորտի, ժամանակակից տեխնոլոգիաների զարգացման եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորմանն ուղղուած ձեռնարկուելիք քայլերը: Այսօր ձեր ներկայութեամբ ես ուզում եմ համոզմունք յայտնել, որ մենք ձեզ հետ միասին ունակ ենք գիտակցուած, հետեւողական աշխատանքներ իրականացնել` նշուածս ծրագրերը եւ առաջադրանքները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ»,- Արցախփրէսի փոխանցմամբ, ըսած է Բակօ Սահակեան:
Իսկ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ ԱՀ նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը իւրատեսակ ամփոփումն է այն գործընթացներուն, որոնք սկիզբ առած են ԱՀ նոր Սահմանադրութեան ընդունմամբ:
«Այսօրուայ հանդիսաւոր միջոցառմամբ միաժամանակ քաղաքական նոր փուլի մեկնարկ է տրւում մեր երկրում, որի գլխաւոր նպատակը պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է` առկայ իրողութիւնների հաշուառմամբ»,- նշած է Ա. Ղուլեան:
ԱԺ յատուկ նիստին ներկայ էր ԱՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամներ, պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Արցախեան շարժման մասնակիցներ, հանրային գործիչներ: