Սայաթ – Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլը՝ առաջին անգամ Եւրոպայի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/3-2.jpg)
2017 թ․Սեպտեմբեր 2-ին, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպութեամբ Սթոքհոլմի հայ եկեղեցական վարչութեան, շուէտահայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու աշուղական եւ հայրենասիրական երգեր` կատարողութեամբ ՀՀ հանրային ռատիոյի «Սայաթ – Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլին, գեղարուեստական ղեկավար` ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան:
Նախ աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի Սքանտինաւիոյ Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ․ Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան։
Հանդիսութեան ներկայ էին Շուէտի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Տիար Արտակ Ապիտոնեան, Իրաքի եւ Վրաստանի դեսպանները, հիւպատոս Արշակ Մանուկեանը, օտարազգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, շուէտահայ համայնքային բազմաթիւ մշակութային միութիւններու, կազմակերպութիւններու ատենապետներ եւ անդամներ։
Հանդիսութիւնը վարեց անսամպլի մենակատար Արթուր Մնացականեան։
Այնուհետեւ յայտագիրին ընթացքին հնչեցին Սայաթ Նովայի “Քամանչա” “Դու էն հուրին իս”, “Առանց Քիզ Ինչ Կոնիմ” “Եարէն Էրուած իմ” երգերը։ Հետաքրքրական էր յատկապէս Թովմաս Պօղոսեանի վերականգնուած Անի երգը և բացառիկ անակնկալը եւ Հայ ժողովուրդի իբրեւ խոնարհում Շուէտ ժողովուրդին հնչած Շուէտական ժողովրդական “Վեմ Քան Սեգլա” երգը ու ի հարկէ համերգի աւարտին հնչած այնչափ ոգեւորիչ Աշուղ Միջազի Քեռի երգը:
«Սայաթ Նովա» անսամպլը բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ (Ռուսաստան, Իրան, Վրաստան, Սուրիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան եւ այլուր)։
Շուէտահայութիւնը հաստատեց, որ այսօր յիշարժան է ու բացառիկ, որովհետեւ իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ մըն է այս համոյթի ներկայացումը Շուէտահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Մօտ օրերուն «Սայաթ – Նովա» համոյթը համերգային շրջագայութեան կը մեկնի Աւստրալիա։
Աղբյուրը՝ http://armchurch.info