«Քոյր Դպրոցներ» Ծրագիրը Գործողութեան Մէջ
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Երեւանի Սմբատ Բիւրատի անուան հ. 125 դպրոցի նոր ուսումնական տարին սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրով` Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ կից «Դաւիթ Դաւիթեան» հայկական մէկօրեայ դպրոցի հետ համագործակցութեան յուշագիրի կնքումով:
Յուշագիրը ստորագրեցին երեւանեան դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Անտոնեան եւ Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ հովուապետ, դպրոցի տնօրէն Անդրանիկ աւագ քահանայ Մալճեան:
Սեպտեմբեր 1-ի տօնակատարութեան մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցները:
Առաջին զանգի հետաքրքիր եւ բովանդակալից հանդիսութեան ելոյթ ունեցողները կարեւոր համարեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդումն ու զարգացումը, շեշտեցին, որ նմանօրինակ համագործակցութեամբ կը լուծուին հայապահպանութեան խնդիրները, օտար երկիրներու մէջ ապրող երեխաներու մէջ վառ կը պահուի ազգային գիտակցութիւնը:
Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան ներկաներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնը: Վերջինս աւելցուց, որ յուշագիրով ամրագրուող կէտերը կրնան նպաստել երկու դպրոցներու ուսումնական գործընթացքի արդիւնաւէտ իրականացման, արտաուսումնական, հայապահպանական, մանկավարժական փորձի փոխանակման, հայոց լեզուի ուսուցման նոր մեթոտներու, ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու իրականացման, հայաստանցի եւ ֆրանսահայ աշակերտներու միջեւ շփումներու աշխուժացման:
Յուշագիրը ստորագրող կողմերու` դպրոցներու տնօրէններու, երեւանեան դպրոցի սաներու, ուսուցիչներու, հիւրերու համար սեպտեմբեր 1-ի տօնը միախառնուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք կապի փոքր, սակայն կարեւոր` հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան կամուրջի հաստատմամբ:
Արտաուսումնական, հայապահպանական, մանկավաժական փորձի փոխանակման, հայոց լեզուի ուսուցման նոր մեթոտներու, ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու իրականացումը, ֆրանսահայ եւ Հայաստանի դպրոցականներու միջեւ շփումները կը նպաստեն Հայաստանի հետ անոնց կապերու աշխուժացման:
Սիւզան Միրզոյեան