«Արտոյտներու Ագարակը» Գիրքի Հեղինակը Ցանկութիւն Յայտնած Է Արցախի Մասին Գիրք Գրելու

Թուֆէնկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ (The Roots) տեղի  ունեցած է իտալահայ յայտնի գրող Անթոնիա Արսլանի հետ հանդիպում:

«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` որջունելով ներկաները` Անթոնիա Արսլան նշած է, որ շատ ուրախ է եւ միեւնոյն ժամանակ ոգեւորուած հանդիպման համար: «Ես կ’ուզէի ընդգծել այն կարեւորութիւնը, որ ունի Արցախը սփիւռքահայերուն համար: Ես կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք կ’ապրին իրենց բնօրրանին մէջ, եւ որոնք շատ հարազատ են իրար»,- ըսած է Ա. Արսլան եւ աւելցուցած, որ, ըլլալով սփիւռքահայ, մեծ ցաւ կ’ապրի, քանի որ կը գտնուի հայրենիքէն հեռու:

Իտալահայ գրողը նշած է, որ ցանկութիւն ունի գիրք գրելու Արցախի մասին եւ այցելելով Ղարաբաղ, ան կը պատկերացնէ, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ  սենարը: Ա. Արսլան պատմած է նաեւ իր անցած ուղիին եւ ունեցած յաջողութիւններուն մասին: Մասնաւորապէս ան նշած է, որ 2007 թուականին լոյս տեսած եւ աւելի քան 20 լեզուներով թարգմանուած «Արտոյտներու ագարակը» վէպն իրեն համար մեծ յաղթանակ էր:

Հանդիպման ընթացքին իտալահայ գրողը պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցերուն:

Նշենք, որ ԼՂՀ հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով ԱՀ նախագահի հրամանագիրով Անթոնիա Արսլան արժանացած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալի:

Աւելցնենք, որ իտալահայ յայտնի գրող Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքը ամբողջ աշխարհի մէջ իրացուած է հսկայական տպաքանակներով: Միայն Իտալիոյ մէջ, ուր հայ համայնքն ընդամէնը 2000 մարդէ բաղկացած է, սպառած է գիրքի աւելի քան 300.000 օրինակ: «Արտոյտներու ագարակը» ցնցած է Տաւիանի եղբայրները, որոնք 2007 թ.-ին վէպի սենարով ֆիլմ  նկարահանած են:

 

Scroll Up