Արմէն Թամզարեան՝ Գերագոյն Ատեանի Դատաւոր
Քալիֆորնիոյ նահանգապետի մամլոյ սպասարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կառավարիչ Ճերի Պրաուն Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակած է Արմէն Թամզարեանը:
Հարաւային Փասատինայի քաղաքէն Արմէն Թամզարեան 47 տարեկան է եւ մինչեւ այս նշանակումը, Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի համակարգին մէջ բարձրաստիճան իրաւաբան մըն էր՝ 2008էն ի վեր:
2002էն 2008ի միջեւ, ան գործակից անդամներէն մէկը եղած է «Նոլսըն Ճորտըն եւ Ռայթ» իրաւաբանական հիմնարկին, իսկ 1997էն 2002ի միջեւ՝ նոյն հիմնարկի փաստաբաններէն մէկը:
Ան նաեւ եղած է Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանին մէջ ուսումնասիրական աշխատանք կատարող փաստաբան մը (1996-1997), իսկ իր իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է իրաւագիտական «Սաութուեսթ» համալսարանէն: Ան նաեւ պսակաւոր արուեստից վկայական մը ունի գործարարութեան մարզին մէջ, Մեսեչուսեցի «Էմհըրսթ» համալսարանէն: Անդամ է Դեմոկրատ կուսակցութեան:
Թամզարեան նաեւ գործօն անդամ եղած է հայ համանքէն ներս, Հայ իրաւաբանական միութեան ու Արեւմեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներս տարած իր աշխատանքներուն շնորհիւ: Ան վերջերս մաս կազմած էր այն յանձնախումբին, որ կազմակերպած էր Արեւմեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջը:
«Ուրախ ենք, որ կառավարիչը Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակած է Արեւմեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովը կազմակերպած յանձնախումբի անդամներէն Արմէն Թամզարեանը, ինչ որ ցուցանիշ մըն է մեր համայնքի հզօրութեան եւ քաղաքական կեանքին մէջ աւելի գործօն ներկայութիւն մը դառնալու անոր փորձերու յաջողութեան: Շատ հպարտ ենք Արմէնով ու ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք անոր նշանակումը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան: