Արթուր Աղաբեկեան Ստացաւ «Արցախի Հերոս»-ի Կոչում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/Arthur1_83117.jpg)
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով, Օգոստոս 31-ին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանով, ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պետական եւ զինուորական գործիչ, զօրավար-գնդապետ Արթուր Աղաբեկեանին տրուած է «Արցախի հերոս» Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչում եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշան` պաշտպանութեան կազմակերպման մէջ հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու արիութեան համար:
Այս առիթով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ, Արթուր Աղաբեկեան ըսած է, որ «Արցախի հերոս» կոչման արժանանալը մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն է: «Իմ բոլոր ձեռքբերումներուս համար նախ եւ առաջ երախտապարտ եմ իմ ծնողներուս: Հպարտութեամբ պիտի կրեմ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը` իբրեւ 11 հազար հատրութցիներու գնահատանք` զայն նկատելով պետական երախտիք 306 նահատակ հերոսներուն, որոնք ոչ մէկ վայրկեան երկմտեցան իրենց կեանքը այսօրուան Արցախին եւ վաղուան միացեալ պետականութեան նուիրելու համար:
«Շնորհակալութիւն նախագահ Բակօ Սահակեանին, իմ մարտական եւ կուսակցական ընկերներուս` անկախութեան 26 տարիներուն Արցախին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայելու կարելիութեան ու առիթին համար», ըսած է ան: