Հայաստան Հիանալի Երկիր Է, Ուր Շատ Հիւրընկալ Մարդիկ Կ’ապրին. «Արի Տուն-2017»
«Արի տուն-2017» ծրագիրն արդէն պատմութիւն է: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս ծրագիրին մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած հայ պատանիներ: Անոնցմէ շատերն իրենց մայրենի լեզուին լաւ չէին տիրապետեր, շատերն ալ խառնամուսնութեան սերունդ էին, սակայն բոլորն ալ եկած էին իրենց հայրենիքը տեսնելու ու ճանչնալու:
Ռումանիայէն ժամանած Թիկու Թուտոր Մարտինը հայերէն չէր գիտեր, բայց Հայաստանի պատմութեան բաւականին տեղեակ էր եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կ’ուսումնասիրէր որեւէ բան. «Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան, ծրագիրին մասին մեծմայրս ըսաւ ինծի, որ հայ է: Շատ հաւնած եմ Հայաստանը, հետաքրքիր թանգարաններ կան, Երեւան շատ գեղեցիկ է, աւելի լաւ է, քան Պուխարեստը, ուր ես կ’ապրիմ: Այցելեցինք Նորավանք, շատ սիրեցի զայն: Դժբախտաբար, Հայաստանի մասին այդքան ալ տեղեկացուած չէի, քանի որ հայրս չէ պատմած ինծի: Չեմ գիտեր ինչու, որովհետեւ Հայաստան հիանալի երկիր է, հայերը շատ հիւրընկալ են: Ցանկութիւն կայ կրկին գալու Հայաստան, բայց ոչ ամառը, քանի որ հիմա շատ շոգ է»:
Տմիթրի Սերեպրիակովը եկած էր Ռուսաստանի Դաշնութենէն` Մոսկուայէն. «Հայաստան շատ անգամներ եկած եմ ծնողներուս, բարեկամներուս հետ: «Արի տուն» ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցիմ, որուն համար շատ ուրախ եմ: Հայաստան շատ գեղեցիկ է, շինութիւնները շատ ջերմ են: Հաւնած եմ Գառնիի տաճարը, Գեղարդավանքը եւ Մատենադարանը»:
Մարիամ Աբովեան նոյնպէս ժամանած էր Ռուսաստանի Դաշնութենէն. «Արդէն երրորդ անգամ կու գամ Հայաստան, իսկ ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցիմ: Շատ լաւ տպաւորութիւններ ունիմ, ամէն ինչ հետաքրքիր է: Հաւնած եմ Նորավանքը, Գեղարդավանքը եւ Սարդարապատը: Ռուսաստանի մէջ կը յաճախեմ Հայաստանի պատմութեան դասերուն եւ կը փափաքիմ այս տարի տեղափոխուիլ այստեղ ապրելու»:
Արփի Պետրոսեան
Լուսանկարները` Մաիա Աւետիսեանի