ՀՀ Նախագահը Ընդունած է Աշխարհի Ախոյեաններ Արթուր Ալեքսանեանն ու Մաքսիմ Մանուկեանը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 28-ին, ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան ժամանակ ոսկէ մետալներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանը եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը:

Հանրապետութեան Նախագահը շնորհաւորած է մարզիկները՝ փայլուն արդիւնքներով հայրենիք վերադառնալուն առնչութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնած իրենց յաղթանակով մեր ամբողջ ժողովուրդին ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր պարգեւելու, բարձր տրամադրութիւն հաղորդելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու համար:

Նախագահը կարեւոր համարած է նաեւ այն հանգամանքը, որ յաղթանակած մարզիկները իրենց օրինակով ուղենիշ կը դառնան երեխաներու եւ այլ երիտասարդներու համար, որոնք կ՝ոգեշնչուին, կը ձգտին նմանիլ անոնց, կը դառնան ա՛լ աւելի աշխատասէր ու նպատակասլաց:

Սերժ Սարգսեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանէն եւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանէն հետաքրքրուած է հանրապետութեան մէջ ըմբշամարտի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն ընթացքով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ անհրաժեշտ պարագային՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ աշխատանքները ժամանակին եւ պատշաճ կերպով իրականացնելու համար:

Հանդիպման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Հանրապետութեան Նախագահին մարմնակրթութեան զարգացման եւ մարզիկներու հանդէպ մշտական ուշադրութեան ու հոգածութեան համար` ընդգծելով, որ ատիկա ամէն անգամ աւելի կ՝ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ հասնելու նոր յաջողութիւններու:

 

Scroll Up