Օտար Ափերու Վրայ Ապրող Իւրաքանչիւր Հայ Եղած Է Եւ Պիտի Ըլլայ Արցախի Կողքին. Ռուսաստանաբնակ Հայ Գործարար

Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան երէկ ընդունած է բարեգործական հերթական այցով Արցախ ժամանած ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Էտկար Արամեանը: Հանդիպման ընթացքին բանակի հրամանատարը նախ համառօտ անդրադարձաւ հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող գործընթացներուն եւ այդ ծիրէն ներս աշխարհասփիւռ հայութեան ունեցած աշխոյժ մասնակցութեան, ապա իր երախտիքի խօսքը ըսաւ բարերարին բանակի եւ ընդհանրապէս արցախահայութեան հանդէպ պարբերաբար դրսեւորուող ուշադիր եւ նպատակային վերաբերմունքին համար:
Արցախի ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ, նոյն օրը հանրապետութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարի եւ բարերարի մասնակցութեամբ բանակի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում 2016թ. ապրիլեան առճակատման ընթացքին զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն հետ:
Էտկար Արամեան նախ մեծարանքի խօսքեր ըսած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտիրոսուած հերոսներու հասցէին, իսկ այնուհետեւ դիմելով անոնց հարազատներուն, հաւաստիացուցած է , որ ինչպէս ինք, այնպէս ալ օտար ափերու վրայ ապրող իւրաքանչիւր հայ եղած է եւ պիտի ըլլայ Արցախի կողքին:
Հանդիպման աւարտին, որպէս ըսուածի գործնական հաստատում, բարերարին կողմէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն յատկացուած է ֆինանսական ու նիւթական օժանդակութիւն, իսկ բարերարը բանակի եւ արցախահայութեան հանդէպ դրսեւորած ուշադիր եւ սրտցաւ վերաբերմունքի համար արժանացած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարի շնորհակալագիրին: