Լոս Անճելըսի ՄԷջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դիւանագէտները Դիտած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Խոստումը» Ֆիլմը

Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Համայնքային խորհուրդի օժանդակութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ օգոստոս 28-ին կազմակերպած էր «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը` նախատեսուած Լոս Անճելըսի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներու համար:

Ցուցադրութեան ներկայ էին բազմաթիւ դիւանագէտներ, մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղուող միջազգային կառոյցներու անդամներ, գիտնականներ, դասախօսներ եւ Քալիֆորնոյի համալսարանին մէջ հիմնադրուած «The Promise» հիմնարկի ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով հիւրերը` հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միացեալ ջանքերու շնորհիւ արձանագրուած  է  նշանակալից յառաջընթաց, որուն մէջ իր հաստատուն ներդրումն ունի նաեւ ամերիկահայ համայնքը: Արմելլա Շաքարեան նաեւ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան հետեւողական ջանքերը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, «The Promise» հիմնարկի տնօրէն Ասլի Պալին իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրենց հիմնարկին նպատակն է կեանքի կոչել «Խոստումը» ֆիլմի տեսլականը` պատրաստել մարդու իրաւունքներով զբաղուող իրաւաբաններու սերունդներ, որոնք հետամուտ կ´ըլլան արդարադատութեան ու պատասխանատուութեան:
Ոջունելով ֆիլմը ցուցադրելու նախաձեռնութիւնը` Քալիֆորնիոյ համալսարանի ներկայացուցիչ Քէյթ Փարքերը ըսաւ, որ ինք հպարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ֆիլմի ցուցադրմամբ այսպիսի հրաշալի հնարաւորութեամբ, որ թոյլ կու տայ ֆիլմի միջոցով տեսնել ու զգալ, թէ ինչ կը պատահի, երբ մարդ երես կը թեքէ մարդոցմէ, հասկնալ, որ հնարաւոր չէ անվերջ անտեսել պատմութիւնը:

«Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան նախաձեռնութիւնը իր ելոյթին մէջ ողջունեց նաեւ «Խոստումը» ֆիլմի ստեղծագործական խումբի անդամ, արտադրող Քառլա Կարապետեան:

 

Scroll Up