Ռոստովաբնակ Նկարիչ Ներսէս Կիրակոսեան Իր Աշխատանքները Պիտի Նուիրաբերէ Հայաստանի Թատերական Գործիչներու Միութեան

Օգոստոս 26-ին, ժամը` 16:00-ին, «ԿԱՌԼԼԵՒՈՆԻ» պատկերասրահին մէջ (հասցէ` Վարդանանց 14/1) կը կայանայ գծագրական աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Ռոստովաբնակ մեր հայրենակից, նկարիչ-քանդակագործ Ներսէս Կիրակոսեանը իր` հայ բեմի երախտաւորներու թիւով 30 աշխատանքներ կը նուիրաբերէ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան:
Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ ս.թ. սեպտեմբեր 6: