Մեր Արուեստագէտները` Հայրենիքէն Հեռու

Նարեկացի արուեստի միութեան մէջ 25 տարի անց կը հանդիպէր փարիզաբնակ երգահան եւ դաշնակահար Արթուր Ահարոնեանի հետ: Ան ժամանած էր սիրելի կնոջ` Կարինէի հետ, ինչպէս ինք նշեց` իր ստեղծագործութիւններուն առաջին եւ անաչառ քննադատը:

Ընդհանրապէս կայ  ընդհանրութիւն մը աշխարհի մեծ բեմերը նուաճած հայազգի արուեստագէտներուն մօտ. անոնք բոլորն այնքան անմիջական ու պարզ վարքագիծ ունին հանդիսատեսին հետ շփման հարթակին վրայ,ակամայէն յիշած էի աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Ջուլիետ Գալստեան-Էւերտսի հետ տարիներ առաջ իմ այնքան հաճելի ու անմիջական հարցազրոյցս: Վերստին կը համոզուիս, որ մեծամտութիւնն ու գոռոզութիւնը հարիր է միայն իրենց արուեստագէտ հռչակած միջակութիւններուն:

Արթուր Ահարոնեանի ջերմ երեկոն անցաւ փոքրաթիւ հանդիսատեսի հետ անմիջական զրոյցներով` համեմուած անզուգական կատարումներով: Երեկոյին ներկայ էր նաեւ երգահանի մեծ ուսուցիչը` Տիգրան Մանսուրեանը, որուն տան սպասուած հիւրն էր դեռ երիտասարդ ուսանող Արթուր Ահարոնեանը:

Արթուր Ահարոնեան ծնած է 1962թ. Երեւան: 1986թ. աւարտած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժինը: Միաժամանակ ուսանած է նոյն երաժշտանոցի կոմպոզիտորական բաժինին մէջ` Էդուարդ Բաղդասարեանի, այնուհետեւ Տիգրան Մանսուրեանի դասարաններուն մէջ: 90-ականներու սկիզբը երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով շատ հայ արուեստագէտներ հանգրուանեցին օտար ափերու վրայ, Արթուր Ահարոնեան եւս 1993թ. հաստատուեցաւ Փարիզի մէջ:

Արթուր Ահարոնեան այսօր ֆրանսական  շարք մը քաղաքներու երաժշտանոցներու մէջ հրաւիրուած երգահան է, ուր կը կարդայ հայ երաժշտութեան նուիրուած դասախօսութիւններ: Իբրեւ դաշնակահար` ելոյթներով հանդէս  եկած է Եւրոպայի շարք մը երկիրներու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: 2002 թուականէն Փարիզի Տարիւս Միոյի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսոր է: Ան Հայաստանի երգահաններու միութեան, Ֆրանսական հեղինակներու եւ երգահաններու միութեան (SACEM) անդամ է:

Արթուր Ահարոնեանի ստեղծագործական ցանկը կ’ընդգրկէ դաշնամուրային գողտրիկ կտորներէ եւ գործիքային տարբեր կազմի ստեղծագործութիւններէ մինչեւ սիմֆոնիկ եւ խմբային մեծ կտաւի ստեղծագործութիւններ:

Երեկոյի ընթացքին հնչեցին անոր ստեղծագործութիւններէն  քանի մը հատը` գեղեցիկ պաստառի վրայ ցուցադրութեամբ. առանձնակի յուզականութեամբ տարանջատենք թերեւս անոր` «Ճոնաթանի Պալլատը» սիմֆոնիկ գործը, ըստ Ռիչարտ Պախի «Ճոնաթան Լիւինգսթոն անունով ճայը» պատմուածքին, որուն անդրանիկ ելոյթը տեղի ունեցած է 2004թ. Փարիզի «Մոկատոր» թատրոնին մէջ` Ֆրանսայի Ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարմամբ եւ Ճորճ Փեհլիւանեանի ղեկավարութեամբ: Ստեղծագործութեան հայաստանեան անդրանիկ ելոյթը` տաս տարի անց` 2014թ.-ին  եղած է` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի կատարմամբ` Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ: Երգահանը հանդիսատեսին  խոստացաւ այս անզուգական ստեղծագործութեան շարունակականութիւնը:

Հնչեցին նաեւ ինքնատիպ ոճի, Թումանեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ 2006 թուականին գրուած «Գեղջկական պատկերները»: Նշենք նաեւ երգահանի քանի մը համերգի մասին, որոնք համաշխարհային ճանաչում կը վայելեն: «Ջութակի առաջին համերգը»-ը, որուն անդրանիկ ելոյթը տեղի  ունեցած է  2007թ. Քաննի մէջ` Քաննի սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարմամբ եւ Ֆիլիփ Պենտերի ղեկավարութեամբ, մենակատար` Սերգէյ Խաչատրեան:

«Համերգ Տրիպտիկ» սաքսոֆոնի, մարիմպաֆոնի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի համար` գրուած 2008-2015թթ., բաղկացած երեք մասէ` «Տիւերտիսմենտ», «Պալլատ» եւ «Գեղջկական Սկերցօ», որոնք բազմիցս հնչած են ֆրանսական տարբեր քաղաքներու մէջ:

«Ջութակի երկրորդ համերգը»-ը` ջութակի, լարային նուագախումբի եւ մէկ հարուածայինի համար, որ գրուած է «Ամսթըրտամ սինֆոնիետտա» նուագախումբի պատուէրով, իսկ առաջին ելոյթը տեղի ունեցած է 2011թ. Ամսթըրտամի «Միւզիկգբաու» սրահին մէջ, մենակատար` Սերգէյ Խաչատրեան:

Ուրախալի է լսել հայազգի եւս մէկ տաղանդաւոր արուեստագէտի միջազգային  ճանաչման եւ յաջողութիւններուն մասին: Այս հանդիպումը յոյս կը ներշնչէ, որ Արթուր Ահարոնեան դաշնակահարը երեւանեան հանդիսատեսին յառաջիկային եւս կ’ուրախացնէ իր ստեղծագործութիւններով  եւ դաշնամուրային անզուգական կատարումներով:

Վարդինէ Իսահակեան

 

Scroll Up