Սկաուտական Բանակում Պուլկարիոյ ՄԷջ

Օգոստոս 12-20 կայացած է  ՀՄԸՄ Պուլկարիոյ մասնաճիւղի սկաուտական բանակումը, որուն մասնակցած է 5-25 տարեկան 90 սկաուտ Վառնա եւ Փլովտիւ քաղաքներէն: Բանակումին մասնակցած է նաեւ Վառնայէն  87 տարեկան եղբայր Օհանը: Վերջինս բանակումին նուիրուած նոր երգ  գրած էր, որ ան կատարեց Միքայէլ Գէորգեանի հետ: Սկաուտները բաժնուած էին 4 տարիքային խումբի` «Գայլիկներ», «Արալէզ», «Աստղիկ», «Վահագն», որ առաջին անգամ  կատարուած է:

Իւրաքանչիւր օր յագեցած  եղած է մարզական տարբեր խաղերով, մրցութիւններով, որոնք նախապատրաստական եւ կատարողական մեծ հմտութիւն  պահանջած են: Իբրեւ արդիւնք առաջին տեղը գրաւած է «Արալէզ» խումբը, որուն անդամները ոսկէ աստղիկներ  ստացած են:

Բանակումին ընթացքին տեղի ունեցած են դասախօսութիւններ` նուիրուած հայոց պատմութեան (վարած են Սիւզի Գաբրիէլեանը եւ եղբայր Օհանը), շրջակայ միջավայրի օգտակար բոյսերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Մարի Կարապետեան:

Բանակումին ընթացքին սկաուտներն ունեցած են նաեւ բազմաթիւ հիւրեր: Անոնց այցելած են Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ Պօղոսեան, Փլովտիւի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրաչ Մուրատեան, Վառնայի հոգեւոր հովիւ Հրաչեայ Կէոզալեան, Պուրկասի հոգեւոր հովիւ Տէր-Պօղոս Միքայէլեան, Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան, Վառնայի եկեղեցական վարչութեան նախագահ Մասիս Պաղտասարեան: Անոնց այցը շատ ոգեւորած է սկաուտները:

Օգոստոս 19-ին տեղի ունեցած է բանակումի փակման արարողութիւնը, որուն ներկայ  եղած են Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան, Վառնայի եկեղեցական վարչութեան ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Բանակումի անդամները գեղեցիկ մշակութային ձեռնարկ  ներկայացուցած են: Հանդիսութիւնը աւարտած է խարոյկի շուրջ: Բոլորը միասին կատարած են երկու երկիրներու` Հայաստանի, Պուլկարիոյ եւ ՀՄԸՄ-ի օրհներգները:

«Մասնակիցներուն ոգեւորութիւնը շատ մեծ էր, սկաուտները, կազմակերպիչները շատ մեծ աշխատանք կատարեցին, որպէսզի օրերն անմոռանալի դառնան: Բանակումի մասնակիցներուն կողքին էր նաեւ Վառնայէն Փիլիանէ Գազանճեանը, որ սկաուտներուն օգնած է ճաշ պատրաստել: Վերջինիս համար սկաուտները շատ գեղեցիկ անակնկալ  պատրաստած էին, որ այնչափ յուզեց Փիլանէին,- «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին նշեց Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան եւ աւելցուց,- որ բանակումին հոգին ու սիրտը փլովտիւահայ Սրբուհի Գաբրիէլեանն էր, որ հայապահպանութեան նուիրեալներէն է: Աջակցած են նաեւ Փլովտիւէն` Սարգսեաններու, Կարապետեաններու, Ջամջեաններու եւ Քեշիշեաններու ընտանիքները, Վառնայէն` Մանուկ Պէյլերեանը, Պէյլերեան եղբայրները, Վարժապետեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեանը, որ պատարստակամութիւն յայտնեց միշտ աջակցելու բանակումին: Ի հարկէ մեծ էր նաեւ «Արի տուն» ծրագիրի նախկին տարուայ մասնակիցներ` Ալիս Թերլեմեզեանի, Միքայէլա Ջամջեանի, Միքայէլ Գէորգեանի կատարած աշխատանքը»:

Scroll Up